Եւրասիական Միութեան Համաձայնագիրը` Մինչեւ Ապրիլ
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով ԱՊՀ-ի գործադիր կոմիտէի յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ ապրիլ:
Կը նախատեսուի համաձայնագիրը ստորագրել Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ, որմէ ետք «Մոսկուան կրնայ դառնալ կառոյցի քաղաքական մայրաքաղաքը, Ալմաթին ելեւմտական, Մինսքը` դատական»:
Հայաստան եւս կը նախատեսէ հետագային դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ:
CATEGORIES Հայկական

