Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրացնէ Պայքարը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման Համար

anca_logoԱմերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչով մը դիմեց ամերիկահայերուն` խրախուսելու անոնց դիմելու իրենց քոնկրեսականներուն, սատարելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 227-րդ բանաձեւի ընդունման: «Այս նախաձեռնութիւնը, հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արձանագրութեան վրայ, կը ձգտի անվտանգ, կայուն եւ մրցունակ ապագայ ապահովել հայերուն համար` ոճիրի ճշմարիտ եւ արդարացի միջազգային լուծման միջոցով», «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` նշուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Մայքըլ Կրիմ, Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ֆրենք Փալոն մայիս 2013-ին «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւ մը ներկայացուցին Ներկայացուցիչներու տան: Բանաձեւին ներկայացումը իրականացուած էր այդ օրերուն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Միացեալ Նահանգներ կատարած պաշտօնական այցելութեան համընթաց: Նախագիծով կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող արձանագրութիւն կազմելու: Քոնկրեսականները նաեւ կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ` շեշտելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան, անոր ընթացիկ հետեւանքներու լիարժէք ճանաչման, ինչպէս նաեւ այդ ոճրագործութեան միջազգային մակարդակով արդարացի եւ համապարփակ լուծման հարցերը:

«Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայաստան Միացեալ Նահանգներու ճկուն դաշնակիցն է, նաեւ` ժողովրդավարութեան եւ շրջանային կայունութեան նուիրուած պետութիւն: Այսօր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած բանաձեւը ցոյց կու տայ, որ մենք թոյլ չենք տար, որ ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուի թրքական կառավարութեան կողմէ», ըսած էր Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն:

Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին նոր բանաձեւը կը կրկնէ եւ կը վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու` անցեալին ամրագրուած դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ «ցեղասպանութիւն», վկայակոչելով 28 մայիս 1951-ին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան արդարադատութեան` միջազգային ճանաչման ուղղուած եւ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ դատապարտման մասին ուխտը, 22 ապրիլ 1981-ին նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընի` նացիական Գերմանիոյ կողմէ իրականացուած Ողջակիզումը դատապարտող յայտարարութիւնը եւ 1975 ու 1984 թուականներուն Քոնկրեսի ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրէնքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES