ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ «ՊԱՏՈՒԱՅԶԸՐ» ՊԻՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ԷՖ. ԷՅ. ՔԱՓԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեքս Հոռն իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն «Պատուայզըր» ընկերութիւնը պիտի հովանաւորէ Անգլիոյ Էֆ. Էյ. Քափը:
Ան ըսաւ, որ այս մրցաշարքը, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն հին մրցաշարքերէն մէկը, յառաջիկայ երեք տարիներուն պիտի ճանչցուի «Անգլիոյ Էֆ. Էյ. Քափը` «Պատուայզըր»ի հետ» նշանաբանով: Անիկա այսպիսով այս մրցաշարքին չորրորդ հովանաւորող ընկերութիւնը հանդիսացաւ:
Առ ի տեղեկութիւն նշենք, որ Էֆ. Էյ. Քափը առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ 1871-1872 տարեշրջանին:
CATEGORIES Մարզական

