ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Էտկար Մանուչարեան

Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` փորձերու ընթացքին իր ոտքը վիրաւորելէ ետք:

Անոր հիւանդանոց փոխադրուելէն կարճ ատեն մը ետք բժիշկները յայտնեցին, որ անոր ոտքը կոտրուած չէ, ինչ որ ուրախութեամբ ընդունուեցաւ անոր ակումբի մարզիչ Վարդան Մինասեանի կողմէ, որ ըսաւ, թէ որքան արագ տեղի ունենայ Մանուչարեանի վերադարձը, այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ թէ՛ Փիւնիկի եւ թէ՛ ազգային խումբին համար:

Անդրադառնալով «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանին Փիւնիկի կատարելիք մրցումին` Մինասեան ըսաւ, որ թէեւ ծանօթ չէ մրցակիցին` Վիքթորիայի, սակայն տեղեակ է, որ չեխական ֆութպոլը լաւ ընթացքի մէջ է:

Նշենք, որ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 յուլիսին (Երեւանի մէջ), իսկ դարձի մրցումը` 19 յուլիսին (Փլզենի մէջ):

 

Share this Article
CATEGORIES