Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր Վերտանի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը:

Յայտարարուեցաւ, որ չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ին Փաքիստանի դէմ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:

Ֆետերասիոնը Ռանա Նախլէն նշանակեց, որպէսզի ան մեկնի Քուալա Լամփուր (Մալեզիա), ուր տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած յատուկ դասընթացք մը (6-8 մարտ)` աղջկանց ֆութպոլը աւելի զարգացնելու համար:

Յատուկ շնորհաւորանքի խօսք մը ուղղուեցաւ Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին, որ ապահովեց Ասիա-2014-ի ախոյեանութեան իր տոմսը: Առ ի քաջալերանք, իւրաքանչիւր մարզիկի, պատասխանատուներուն եւ մարզիչներուն տրուեցաւ 1500-ական ամերիկեան տոլար:

Լիբանանի իրաւարարներու յանձնախումբը վեց ամիսով կախակայեց իրաւարար Վարդան Մաթոսեանը: Անոր ստացած կախակայումին ժամկէտը կը սկսի 22 դեկտեմբեր 2013-ին եւ կ՛աւարտի 22 յունիս 2014-ին:

Իրենց անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Շապապ Սահել, Սաֆա եւ Ահլի Սայտա, մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:

Ֆետերասիոնը պատասխանատու նկատեց Սաֆա եւ Շապապ Սահել ակումբները Ահտի մէկ պատասխանատուին ինքնաշարժին կրած վնասին համար: Երկու ակումբները պարտին վճարել մէկ միլիոն 95 հազար լիբանանեան ոսկիի հատուցումը:

Իրաւարարին զարկած ըլլալուն պատճառով Պէյրութի դրամատան խումբին (ֆութսալ) մարզիկներէն Եասեր Սըլման մէկ տարիով կախակայուեցաւ:

Գ. դասակարգի ախոյեանութեան երթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շեքքան: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 յունուար 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, պիտի կատարուի Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ:

Ստորեւ կու տանք ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մրցումներուն յայտագիրը.

 

ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

   
ՇԱԲԱԹ, 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ախա Ահլի Ալէյ – Ահտ 13:30 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Շապապ Սահել – Թրիփոլի 13:30 Պուրճ Համուտ
Սալամ Զղարթա – Ռասինկ 13:30 Ահտ
Նըժմէ – Անսար 13:30 Սալամ Զղարթա
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. ԴԱՐՁԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Թրիփոլի – Ահլի Սայտա 14:15 Թրիփոլի
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Ղազիէ 14:15 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ռիատա Ուալ Ատապ – Թատամոն Պէյրութ 14:15 Թրիփոլի
Շեպիպեթ Մազրաա – Խըյուլ 14:15 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ահլի Նապաթիէ – Սաժես 14:15 Քֆարժոզ
Ամալ Թրիփոլի – Նեպի Շիթ 14:15 Թրիփոլի
 

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. ԵՐԹԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Պըրժ Ռահհալ 14:15 Սուր
Ֆաժըր Արապսալիմ – Շապապ Հումին Թահթա 14:15 Քֆարժոզ
Ժապալ Մաժտալպանա – Շարք 14:15 Պհամտուն
Պարժալունա – Իրշատ 14:15 Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Պարաղեմ Նապաթիէ – Զամալեք Պէյրութ 14:15 Քֆարժոզ
Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – Շապապ Արապի 14:15 Սալամ Զղարթա
Ամալ Մաարաքէ – Ժամհիեթ Մապաքէ 14:15 Սուր
Պար Էլիաս – Հիլալ Հարեթ Նաամէ 14:15 Պհամտուն
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ամալ Թրիփոլի – ՀՄՄ 14:15 Թրիփոլի
Շեքքա – ՀՄԸՄ 14:15 Սալամ Զղարթա
Ախաուաթ Խարայեպ – Քֆարրըման 14:15 Պապըլիէ
Նըժմէ Սահրա – Ախա Հարեթ Հըրէյք 14:15 Պուրճ Համուտ

 

Share this Article
CATEGORIES