Նախարար Քարամէ – Նասսար Հանդիպում

PROFOTO

PROFOTO

Երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահ Ուալիտ Նասսարը:

Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի:

Քարամէ շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի նորընտիր Ֆետերասիոնը` մաղթելով, որ այս մարզաձեւը գտնէ իր անցեալի փառքի օրերը եւ տիրական ներկայութիւն դառնայ արաբական եւ միջազգային գետնի վրայ:

Իր կարգին, Նասսար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Քարամէի` պասքեթպոլի մարզին նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Նասսար հանդիպումին աւարտին խոստացաւ նորընտիր ֆետերասիոնին անդամներուն ընկերակցութեամբ մօտիկ ապագային փրոթոքոլային այցելութիւն մը տալ Քարամէի:

Share this Article
CATEGORIES