Մխիթարեան` Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Արժող 100 Մարզիկներուն Ցանկին Մէջ
Իր լուրը քաղելով Pluri Consultoria ընկերութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ այդ ընկերութիւնը կազմած է աշխարհի ամէնէն սուղ արժող 100 ֆութպոլիստներուն ցանկը, որուն մէջ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Մխիթարեան, որուն արժէքը կը գնահատուի 29,2 միլիոն եւրոյով, կը գրաւէ 53-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ է Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (138,1 միլիոն եւրօ), որ յաջորդաբար կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտի զոյգը` Քրիսթիանօ Ռոնալտոն (107,3 միլիոն եւրօ) եւ Կերըթ Պէյլը (71,3 միլիոն եւրօ):
Նէյմար (Պարսելոնա) կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ (64,7 միլիոն եւրօ):
CATEGORIES Մարզական

