Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վաղուց մոռցուած մարզական փորձերը վերսկսելու փափաք պիտի ունենաք:
Ձեր առողջութիւնը բարելաւելու լաւագոյն միջոցն է մարզանքը, նոյնիսկ թեթեւ մարզաձեւերով: Որքան կրնաք քալեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ օրը ունենայ քիչ մը զարտուղի երեւոյթ, մի՛ յուսահատիք, անմիջապէս հեռաձայնեցէք ձեր մէկ սիրելիին կամ բարեկամին, միասնաբար պտոյտ մը կատարելու: Ուրախութիւնը ինքնին չի յայտնուիր, այլ կը ստեղծես դուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տօնական օրերը հաճելի անցան, այսօր եւս կրնաք շարունակել նոյն տրամադրութիւնը, որովհետեւ կեանքը չի սիրեր դժգոհութիւնը: Կազմակերպեցէք նոր իրագործումներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ունիք բարեկամ մը կամ հարազատ մը, որ կարիքը ունի ձեր օժանդակութեան` նիւթական կամ բարոյական, դուք առաջարկեցէք անոր ձեր պատրաստակամութիւնը, փարատելու իր տագնապը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիճակահանութեան տոմս մը ապահովեցէք` շահելու յոյսով: Եթէ չհաւատաք բարի յոյսին, բախտը մի այպանէք: Բախտը կը յայտնուի առանց հրաւէրի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզմէ պահանջուած գումարը անմիջապէս մի՛ յանձնէք այն անձին, զոր չէք ճանչցած իբրեւ պատասխանատուութեան գիտակից մէկը: Այս պարագային քաղաքավարութեամբ մերժեցէք անոր պահանջը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործի վերաբերեալ նոր առաջարկներ պիտի ունենաք, օրը պիտի ըլլայ բազմազբաղ, նոյնպէս հանդիպումներ արտասահմանէն եկած բարեկամի հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թոյլ բերան անձի մը կրնաք հանդիպիլ: Ուշադիր եղէք անոր հետ լուրջ խօսակցութիւն ունենալէ: Մարդ ճանչնալը քիչ մը դժուար է, բայց ձեր հեռատեսութեամբ կրնաք շրջանցել կացութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դիւանագիտութիւնը եթէ արուեստով կիրարկուի, յաջողութիւն կը բերէ, բայց եթէ կեղծաւորութեան յանգի, կը խրտչեցնէ: Այս տարբերակը լաւ իմացէք եւ ըստ այնմ կիրարկեցէք ձեր յարաբերութիւնները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ջանացէք հաշտարարի մը դերով վարուիլ ձեր երկու բարեկամներուն նկատմամբ: «Անուշ խօսքը օձը ծակէն կը հանէ», կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կրնաք բախտաւորուիլ վիճակաձգութեամբ կամ այլ տեսակի նուէրով մը: Երկու պարագային ալ բախտաբեր նկատեցէք օրը եւ ուրախացէք հարազատներով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան ներքին հարցեր, տան կահաւորման խնդիրներ պիտի գրաւեն օրուան ձեր ժամերը: Պիտի յոգնիք, բայց նաեւ պիտի գոհանաք կատարուած իրագործումով:

