50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1964)

«Բագին»-Ի Բացառիկը Նուիրուած
Սայաթ Նովայի

«Տուք զհարկս արժանաւորաց» ոսկեղէն պատգամին անսալով` «Բագին»-ի խմբագրութիւնը, նախորդ (Ա. տարի) տարուան իր վերջին թիւը նուիրելէ ետք հայոց լուսապսակ Սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցին, այս տարուան (Գ. տարի) առաջին թիւը նուիրած է մեր մեծագոյն աշուղ-բանաստեղծին` Սայաթ Նովայի, 250-ամեակին առթիւ:

Գունագեղ կողքէն սկսեալ մինչեւ վերջին էջը հատորին` խմբագրութիւնը թափած է հարկ եղած ճիգը աւուր պատշաճի «փառք ի բարձունս» երգելու համար անգերազանցելի քեմանչիստին վաստակին առջեւ:

Տարեց թէ երիտասարդ սերունդէն բազմաթիւ դպիրներ իրենց նորագիր յօդուածներով, քերթուածներով եւ երգուերով մասնակցութիւն բերած են ոգեկոչումի այս հանդէսին:

Եդ. Տասնապետեան, հանգամանաւոր եւ կուռ վերլուծումով մը բնորոշած է Սայաթ Նովայի դիմագիծն ու արուեստը աշուղական մեր գրականութեան մէջ:

Համաստեղ, Կ. Սասունի, Ն. Պէշիկթաշլեան, Բ. Թաշեան, Մ. Իշխան, Գաբիրէլ Թագւորեան,  իւրաքանչիւրը այս կամ այն անկիւնէն լուսարձակի տակ առած է անմահ աշուղին կեանքին, արուեստին, իմաստասիրութեան մէկէ աւելի արժանիքները, չոր ու երկար բանասիրութիւններէ խորշող, բայց բանասիրական իմացումներէ ախորժող ընթերցողին հետաքրքրական էջեր տրամադրելով:

Լ. Գարմէն տաք ու բաբախուն քերթուածի մը մէջ կրցած է բռնել բանաստեղծի վաստակին էական տարրերը:

Արսէն Երկաթ եւ Յ. Գեղարդ երգած են Սայաթ Նովայի գերեզմանը եւ գործէն ու անձէն բխած կտակը:

Եդ. Պօյաճեան իր արձակի շքեղ ու շողշողուն էջերէն մէկով «դէմք»-ի վերածած է Սայաթ Նովան: «Բագին»-ի մէջ սկսած եւ շարունակուող «դէմքեր»-ու այս շարքը բացառիկ արժէք մը կը ներկայացնէ Եդ. Պօյաճեան արձակագրի վաստակին մէջ:

Պ. Սնապեան ստորագրած է զեղումի սրտաբուխ էջ մը:

Ս. Վրացեան պատմած է յուշ մը Աղբալեանէն` Սայաթ Նովայի երգերուն կապակցութեամբ:

«Բացառիկ»-ը ունի հասկաքաղի բաժին մը Հայաստանի գրողներէն, Սայաթ Նովայի նուիրուած (քերթուածներ` Սողոմոն Տարօնցիէն, Յովհաննէս Շիրազէն, Ե. Չարենցէն, Ս. Կապուտիկեանէն, Մարիա Յակոբեանէն, Սուրէն Մուրատեանէն, ինչպէս նաեւ հատուած մը բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի «Մեծ ընձաւորն ու բեզարածը» արձակ գրութենէն):

Կատարուած է ուրիշ հասկաքաղ մը Սայաթ Նովային լաւագոյն տաղերէն, որուն կցուած է անոնց բառարանը:

Արտատպումներ եղած են Նիկոլ Աղբալեանէն, Յակոբ Օշականէն, Էդ. Ջրբաշեանէն, Արփի Աւետիսեանէն:

Երկու նմուշ Սայաթ Նովայի թարգմանուած տաղերէն` հատ մը ֆրանսերէնի, հատ մըն ալ անգլերէնի:

Տակաւին կան ընթերցողին հետաքրքրութիւնը սրող եւ հարցեր արծարծող, մէկէ աւելի նշմարներ:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար փոքր քաղուածք մը կատարել այս բացառիկին մէջ ստորագրուած եւ Սայաթ նովան ու իր գործը բնորոշող կարգ մը յօդուածներէն:

Եդ. Տասնապետեան. «Սայաթ Նովայի բանաստեղծական վաստակը մեր քնարերգութեան բերաւ կառուցման թեքնիքի նոր մոտիւներ, ճարտարապետական նոր տարազ, բերաւ` ըսելու նոր ձեւ, արտայայտչական նոր եղանակ, բայց բերաւ մանաւանդ, տարազի տակ, նոր շունչ, նոր արիւն ու խանդ: Անոր արուեստը սրտի կեդրոնէն բացուած ցայտաղբիւր մըն է, ուրկէ արիւնը ժայթք առ ժայթք կը լեցնէ բանաստեղծութեան սրբազան անօթը»:

Կ. Սասունի. «Բանաստեղծի մայրենի լեզուն Թիֆլիսի բարբառն է. բայց բարբառ մը ըլլալէ աւելի բան մըն էր Թիֆլիսի եւ շրջակայ հայութեան լեզուն: Թող թոյլատրուի մեզի ըսել, թէ այդ լեզուն տեսակ մը էսփերանթօ էր, բնական զարգացմամբ կազմաւորուած: Թիֆլիսի կովկասեան ազգերու մայրաքաղաքն էր: Վրաց թագաւորաց քաղաք ըլլալով հանդերձ, հայերը մեծամասնութիւն էին: Հոն էին Ազրպէյճանի թուրքերը, հոն եղած են արաբներն ու պարսիկները: Ազգերու եւ ցեղերու այս խառնուրդը դարերու զարգացման եւ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Ու հայը իր բարբառին ձուլած է արաբերէնը, պարսկերէնը, վրացերէնը ու թաթարերէնը, Սայաթ Նովայի տալով մայրենի լեզու մը, որ 18-րդ դարու բարբառ մը ըլլալէ աւելի` կովկասեան էսփերանթոն էր, բայց ընտանի լեզու մը մինչեւ այսօր Թիֆլիսի հին հայերէն առաջացած սերունդին»:

Եդ. Պօյաճեան. «Քամանչան, Սայաթ Նովան:

Կարծես Սայաթ Նովա անունին հետ ծնած եւ այդ անունէն ինք ալ չապրած, ա՛լ օր չտեսած գործիք մը:

Աղօթեցին, պիտի աղօթեն միշտ: Բայց Նարեկացին պիտի ըլլայ մեր մէջ բուն աղօթողը: Աղօթք մը, Նարեկացիէն ետք, աւելի` խորէն ու աւելի վեր ելլելիք չունի կարծես, պիտի աղօթեն, բայց աւարտած բան մը ըսելով միշտ:

Այդպէս ալ գործածեցին ի հարկէ քամանչան Սայաթ Նովայէն առաջ, անկէ ետք, բայց Սայաթ Նովայով սկսած կը թուի ան իր դերը եւ անով ալ վերջացած»:

Մ. Իշխան. «Սայաթ Նովա որքան մեծ արուեստագէտ, նոյնքան մեծ, խոր եւ ազնուական սիրտ մըն է, որ գիտէ բացառիկ ջերմութեամբ թրթռալ կեանքին հանդէպ»:

Համաստեղ. «Սայաթ-Նովային մէջ կինը հասած է արուեստի նրբութեան, բանաստեղծութեան գեղեցկութեան եւ հոգեկան րոմանթիզմի: Աղուոր տխուր ոգի մը, որ յետոյ պիտի տեսնենք Տէրեանի մէջ: Տառապանքն է որ անոր բանաստեղծութիւններուն ալ տրուած է խորք եւ ազնուականութիւն, որովհետեւ սիրելով աւելի տառապեցաւ եւ այդ արտայայտած է շատ բնական կերպով ծաղիկներու գոյներուն հեշտութեամբ եւ այնքան թաւ, դիմացկուն եւ նաշխուն, ինչպէս իր ջուլհակի տէզկիահին վրայ գործած կտաւ»:

Բ. Թաշեան. «Գերհռչակ տաղասային մկրտութեան անունն է Յարութիւն կամ Արութին: Սայաթ Նովա անունը զոր ընտրած է աշուղ դառնալէ ետք` հայերէնի մէջ գրած է վեց-եօթ տարբեր ձեւերով: Ի՞նչ կը նշանակէ, սէիտ = տէր իշխան, պետ, կամ Սէյաթ = որսորդ, սիրտեր որսացող: Նով կը նշանակէ թարմ, նոր. իսկ Նավա = ձայն, երգ: Ոմանց պնդումով, արմեն կը նշանակէ տաղասացութեան վարպետ, նոր վարպետ, այլոց պնդումով` երգով ու նուագով սիրտ յափշտակող»:

Այսպէս` տաղասացութեան անգերազանց վարպետին ծննդեան 250-ամեակին առթիւ հրատարակուած «Բագին»-ի այս բացառիկը եթէ չի բերեր նոր կամ յեղաշրջող լոյս մը, մատնանշում մը անոր տակաւին որոշ չափով մութ մնացած կեանքին ու մահուան մատեանին վրայ` այսուհանդերձ նոր փայլ մը կու տայ անոր յիշատակին ու վաստակի արժեւորման, Սփիւռքի այս ամսագիրն ալ մասնակից դարձնելով կովկասեան լեռներէն սկսող ու մինչեւ Նեղոսի ափունքները եւ աւելի հեռուն տարածուող Սայաթ Նովայի նուիրուած վիթխարի համերգին:

Լաւ պիտի ըլլար եթէ այս բացառիկին մէջ տեղ գտնէր Սայաթ Նովայի երաժշտական յօրինումներուն նուիրուած յօդուած մը, քանի որ երգը կարելի չէ անջատել տաղերէն: Եւ այս մէկը հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնար խմբագրութեան:

Գրադարաններու մէջ պահուելիք հատոր մըն է անկասկած, որ լրիւ գաղափար մը կու տայ Սայաթ Նովայի մասին: Բայց Սայաթ Նովան յիշած ատեն «Բագին»-ի խմբագրութիւնը կրնար չմոռնալ Սուրբ Մեսրոպը: Սայաթ Նովան խառնուրդ լեզու մը գործածած ըլլալուն համար «Բագին» պէտք չէ մոռնար իր ակնածանքը Սուրբ Մեսրոպին հանդէպ եւ տեղ-տեղ մեղանչէր անոր դէմ, անուշադրութեանց որպէս հետեւանք: Քիչ մը նուազ միջամտութիւն խմբագրութեան կողմէ պիտի չպակսեցնէր կենդանութիւնը համարին, բայց պիտի յարգէր հանգամանքը ամսագրին:

Մնացեալը` որպէս խանդավառութիւն, սէր դէպի հայ գրականութիւնը եւ հայ արժէքները, ներքին թափը համարին, այլազանութիւնը, աշխատակիցներու հոծ ներկայութիւնը` արդար պսակումն է տարուած աշխատանքին եւ գնահատելի արժէքը այս բացառիկին:

Ն. Թ.

Share this Article
CATEGORIES