Հնդիկ Պզտիկ Պարողները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հնդկաստանի մէջ, Փուրուսոթամ, Եուտիսթիրա եւ ուրիշ մանչեր կը յաճախեն յատուկ դպրոց մը: Անոնք հոն կը սորվին «Կոթիփուա» պարը…

hntig-1hntig-2

 

 

 

 

 

 

 

Կոթիփուա պարը շատ հին սովորութիւն մըն է Հնդկաստանի մէջ: Իրենց դպրոցին մէջ պզտիկ մանչերը պարի եւ լարախաղացութեան անհաւատալի ձեւեր կը սորվին: Անոնք կը պարեն պատուելու համար իրենց կրօնքին: Հինտուականութեան շատ կարեւոր աստուած մը եւ աստուածուհի մը` Քրիշնա եւ Րատա:

Աշակերտները շատ ծանր կերպով կ՛աշխատին ճկուն ըլլալու եւ ոլորումներ կարենալ ընելու համար: Անոնք կը կազմեն նաեւ մարդկային մեծ բուրգեր, որոնք կը ներկայացնեն աստուածներու կեանքէն տեսարաններ: Փորձերը շատ ծանր են եւ մեծ ճիգեր կը  պահանջեն:

 * * *

hntig-3hntig-4

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանչերը առաւօտեան ժամը 5:00-ին կ՛արթննան եւ միասին կ՛երգեն: Ապա անոնք ֆիզիքական յատուկ մարզանքներ կ՛ընեն: Ժամը 9:00-ին անոնք իրենց պարտականութիւնները կ՛ընեն, թեթեւ նախաճաշ մը կ՛ուտեն եւ դպրոց կ՛երթան: Կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին անոնք մէկ ժամ կը խաղան եւ կը հանգչին: Վերջապէս անոնք կ՛աղօթեն, կ՛ընթրեն, եւ պարի փորձեր կ՛ընեն մինչեւ երեկոյեան ժամը տասը…

* * *

Ներկայացումներուն համար, աշակերտները մեծ գունաւոր տարազներ կը հագուին: Անոնք կը դիմայարդարուին, իրենց մազերը կը յարդարեն, ծաղիկներ եւ գոհարեղէններ կը դնեն: Անոնք շատ շնորհալի պէտք է ըլլան: Փուրուսութամ, Եուտիսթիրա եւ միւս պարողները կ՛երգեն եւ կը պարեն անոնց կ՛ընկերակցին երաժիշտներ` իրենց թմբուկներով, ծնծղաներով, սրինգներով: Տեսարանը սքանչելի է:

 

Ասիոյ Մասին

Հնդկաստանը կը գտնուի Ասիոյ մէջ, որ աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքամասն է: Ան կը տարածուի երկրագունդին գրեթէ կէս տարածքին վրայ եւ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 40 պետութիւններ: Հոն կը գտնուին երկրագունդին ամէնէն բարձր կէտը (Էվէրէսթ գագաթը) եւ ամէնէն ցած վայրը (Մեռեալ ծովը):

Այս մեծ ցամաքամասը ժողովուրդով լեցուն է: Հոն կը գտնուի բոլոր ցամաքամասերու ամէնէն մեծաթիւ բնակչութիւնը:

Այս ձեւով, Ասիոյ 4 միլիառ բնակչութիւնը (այսինքն ամբողջ մոլորակին իւրաքանչիւր հինգ անձէն մէկը) աւելի շատ է, քան միւս բոլոր ցամաքամասերու բնակչութիւնները միասին: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ հոն կը գտնուին միլիոնէ աւելի բնակիչներ ունեցող քաղաքները, Ռիատէն, Սէուտական Արաբիա, մինչեւ Թոքիօ, Ճափոն:

Հոն ծնած են մեծ քաղաքակրթութիւններ, ինչպէս` Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ մարդուն կերտած հրաշալիքներէն Թաժ Մահալի կամ Չինաստանի մեծ Պատին: Ասիոյ մէջ կը գտնուին աշխարհի ամէնէն բարձր 15 երկնաքերերէն 13-ը, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ աշխարհի ամէնէն բարձր երկնաքերը` Տուպայի Պուրժ Խալիֆան:

  • Տարածք` 44,568,720 քառակուսի քիլոմեթր
  • Երկիրներու թիւ` 46
  • Բնակչութիւն` 4,260,894,000
  • Ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող քաղաք` Թոքիօ, Ճափոն (37,217,000 անձ)
  • Ամէնէն մեծ լիճ` Կասպից ծով (370,888 քառակուսի քմ)
  • Ամէնէն ընդարձակ երկիր` Չինաստան (9,597,004,13 քառակուսի քմ)
  • Ամէնէն երկար գետը` Եանկ Թցէ (6,242,92 քմ)
  • Ամէնէն բարձր կէտ` Էվէրէսթ գագաթը, Չինաստան/Նեփալ (8,849,868 մեթր)

 

Գիտէի՞ր, Թէ

Ճափոնի Նիժօ պալատը յղացողները շինած են ճռնչող սալայատակներ`, փախցնելու համար գաղտնագողի մտնողները:

Ճափոնի Նիժօ պալատը յղացողները շինած են ճռնչող սալայատակներ`, փախցնելու համար գաղտնագողի մտնողները:

Տապկուած թարընթուլա սարդերը շատ սիրուած շքեղ ուտելիք են Քամպոտիոյ մէջ:

Տապկուած թարընթուլա սարդերը շատ սիրուած շքեղ ուտելիք են Քամպոտիոյ մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գիտնականները մէկ անակնկալի դիմաց գտնուեցան, երբ անոնք հնդկաց ծովուն մէջ հանդիպեցան Սիլաքանդ ձուկի, զոր կը կարծէին անհետացած է:

Գիտնականները մէկ անակնկալի դիմաց գտնուեցան, երբ անոնք հնդկաց ծովուն մէջ հանդիպեցան Սիլաքանդ ձուկի, զոր կը կարծէին անհետացած է:

Ֆիլիփփինի նախագահ Արրոյոյի (Arroyo) անունը սխալ գրուած էր (Արրովօ- Arrovo) 2005 թուականի հարիւր փէսոյի դրամաթուղթին վրայ:

Ֆիլիփփինի նախագահ Արրոյոյի (Arroyo) անունը սխալ գրուած էր (Արրովօ- Arrovo) 2005 թուականի հարիւր փէսոյի դրամաթուղթին վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

– Կարելի է զանազանել ասիական փիղը ափրիկեան փիղէն` անոնց ականջներուն շնորհիւ: Անոնց ականջները աւելի փոքր եւ աւելի կլոր են:

– Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունի ծառի վրայ շինուած պանդոկ մը:

– Հիմալայեայի լեռնաշղթան ամէն տարի 1,27 սմ կը բարձրանայ:

– Չինաստանի մէջ խճողում մը տեւած է աւելի քան մէկ շաբաթ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

Օդանաւորդութիւնը 110 տարեկան է: 17 դեկտեմբեր 1903-ին ամերիկացի Ռայթ եղբայրները յաջողեցան կատարելու օդանաւի առաջին թռիչքը` գետնէն 260 մեթր բարձրանալով:

Օդանաւորդութիւնը 110 տարեկան է: 17 դեկտեմբեր 1903-ին ամերիկացի Ռայթ եղբայրները յաջողեցան կատարելու օդանաւի առաջին թռիչքը` գետնէն 260 մեթր բարձրանալով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աշխարհի ամէնէն մեծ դրամաթուղթը Սինկափուր 10,000 տոլար դրամաթուղթն է: Ան մինակը կ՛արժէ մօտաւորապէս 8000 տոլար:

Աշխարհի ամէնէն մեծ դրամաթուղթը Սինկափուր 10,000 տոլար դրամաթուղթն է: Ան մինակը կ՛արժէ մօտաւորապէս 8000 տոլար:

Սակուարօ քաքթիւսին ճիւղերը կը սկսին անոր կոճղին վրայէն բուսնիլ 75 տարի ետք:

Սակուարօ քաքթիւսին ճիւղերը կը սկսին անոր կոճղին վրայէն բուսնիլ 75 տարի ետք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Անգլիա որոշած է 2016 թուականէն սկսեալ շուկայ իջեցնել կերպընկալէ` փոլիմէրէ թղթադրամներ: Այս թղթադրամները, որոնք պիտի կրեն թագուհիին դիմանկարը, կը տոկան աղտոտութեան, խոնաւութեան եւ թղթադրամներէն աւելի երկար ժամանակ մաքուր կը մնան:

Անգլիա որոշած է 2016 թուականէն սկսեալ շուկայ իջեցնել կերըպնկալէ` փոլիմէրէ թղթադրամներ: Այս թղթադրամները, որոնք պիտի կրեն թագուհիին դիմանկարը, կը տոկան աղտոտութեան, խոնաւութեան եւ թղթադրամներէն աւելի երկար ժամանակ մաքուր կը մնան:

26 յունիս 2013-ին մեքսիքացի Մանուէլա Հերնանտէզ ստացաւ իր նախակրթարանի վկայականը... 100 տարեկանին: Ան ստիպուած եղած էր դպրոցը ձգելու փոքր տարիքին: Ան վերջապէս դարձեալ կրցաւ դպրոց վերադառնալ 99 տարեկանին:

26 յունիս 2013-ին մեքսիքացի Մանուէլա Հերնանտէզ ստացաւ իր նախակրթարանի վկայականը… 100 տարեկանին: Ան ստիպուած եղած էր դպրոցը ձգելու փոքր տարիքին: Ան վերջապէս դարձեալ կրցաւ դպրոց վերադառնալ 99 տարեկանին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

– Քանատացի զինուորներ իրենց զօրանոցին մօտ գտած են սաստիկ յոգնած ճամբորդող աղաւնի մը: Ան Ճափոնէն արձակուած էր 2013-ի յունիսին, կորսնցուցած էր իր ճամբան եւ կտրած էր Խաղաղական ովկիանոսը մէկ ամսուան ընթացքին. 8000 քմ երկարութեամբ ճամբորդութիւն մը…

– 3 օգոստոս 2013-ին Տէյք եւ Քէյտի ամուսնացան… գետի մը մէջ, Ալասքա: Անոնք ձկնորսութեան մեծ սիրահարներ են. հետեւաբար անոնք որոշած էին ամուսնանալու ջուրին մէջ` բոպիկ ոտքերով:

– Աշխարհի վրայ արձանագրուած ամէնէն ցած ջերմաստիճանը -89 է: Ասիկա պատահած է 1983-ին Անթարքթիքի մէջ:

– Չինաստանի մէջ վարորդները աջ կողմէն կը քշեն… բացի երկու շրջաններէ` Հոնկ Քոնկ եւ Մաքաօ, ուր անոնք ձախէն կը քշեն: Չինաստանը աշխարհի միակ երկիրն է, ուր բոլոր շրջաններուն մէջ վարորդները նոյն կողմէն չեն քշեր:

– Շնորհիւ իր 17 մկաններուն, լեզուն կրնայ ամէն կողմ դառնալ:

– 2013-ի ամրան շուէտական Վարմտօ քաղաքին ոստիկանութիւնը կանչուած է պարտէզէ մը դուրս քշելու ամբողջովին գինով… հինգ եղջերուներ: Անոնք գինովցած էին շատոնց գետին թափած խնձորներ ուտելով: Այդ պտուղներուն հիւթը ալքոլի վերածուած էր:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ կշիռքը կը շինուի Գերմանիոյ մէջ: Ան 70 մեթր երկայնք, 10 մեթր լայնք եւ 10 մեթր բարձրութիւն ունի: Ան կը կշռէ աւելի քան 200 թոն: Ան պիտի ծառայէ կշռելու… ամէնէն փոքր ծանրութիւնը նէօթրինոյի մը. այս մասնիկը 10 միլիոն անգամ աւելի փոքր է, քան ելեկտրոն մը: Ասիկա կը նմանի անոր, որ մենք չափենք մժեղի մը եւ մեծ կատուի մը ծանրութեան տարբերութիւնը:

 

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ծովահէնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ծովահէնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս վերի 13 առարկաները գտնել վարի պատկերին մէջ:

Կրնա՞ս վերի 13 առարկաները գտնել վարի պատկերին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES