Սուրիական Օրագրութիւն – 37

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Եւ այսպէս, փորձուած աղուէսը երկու ոտքով թակարդն ինկաւ` Թուրքիան յետոյքին հարուած ստանալով` վտարուեցաւ Եգիպտոսէն: Սուրիոյ գլխուն լարախաղացութիւն ընելու վարձքն ալ ստացաւ իր տէրերէն, որոնք զայն օգտագործեցին ու կրկին, աղտոտ թաշկինակի պէս, մէկդի նետեցին: Հաւանաբար Եգիպտոսի մէջ ալ նոյն «մարդասիրական» առաքելութեան պիտի լծուէր, բայց խեղճին վսեմ մղումները ոչ ոք կը հասկնայ ու կը գնահատէ: Նայինք այս անգամ ինչպէս կատուային հնարքով մը ոտքերուն վրայ պիտի իջնէ, ինչպէ՞ս պիտի լուացուի ու կրկին մէջտեղ գայ:

Եգիպտոսը կամ Սուրիան Հայաստան չե՛ն, որ շրջափակելով խեղդէ կամ պայմաններ թելադրէ. Սուրիան իր կոկորդը պիտի մնայ, նաեւ` Եգիպտոսը: Ան, որ «դրացիներուն հետ զերօ հարց» (թշնամանք հասկցէք) գեղեցիկ ու պատիր կարգախօսով ելաւ ու Յուդայի համբոյրով խաբեց հաւատակից «եղբայր» արաբները, այսօր զերօ բարեկամ ու բազում հարցեր ունի: Ետեւ ետեւի կը գոցուին իր տնտեսական շուկաները, շնորհիւ իր վարած «հեռատես» քաղաքականութեան: Ու մենք այս մարդիկը դիւանագէտ կը կոչենք… Տարբեր բաներ չե՞ն քծնանքը, կաւատութիւնը, պնակալէզութիւնը ու դիւանագիտութիւնը, նոյնիսկ եթէ վերջինը ուղղամիտ մարդու ասպարէզ չէ:

Շատեր հասկցան, որ թագաւորը մերկ է (թագաւորն ալ թագաւո՜ր ըլլար, Համիտէն քայլ մը ասդին չէ հասած), միայն կը մնայ որ եւրոպացի իր եղբայրները կրկին չօգնեն տռզելու, որպէսզի, յաջորդ անգամ ալ, Համլէթի տուած պատկերին պէս,  բերնի մէջ պահեն ու սեղմեն, երբ իր հիւթին պէտք ունենան:

***

Թող ներէ ինծի ՄԱԿ-ին մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչը`  Պաշշար Ժաֆֆարին, քանի որ ըսելիքս միանգամայն բարի նպատակ կը հետապնդէ, եւ իրա՛ւ կը յարգեմ զինք ու իր տառապանքը` գիշատիչներու խնճոյքին մէջ: Բանն այն է որ, ամէն անգամ երբ զայն կը տեսնեմ ՄԱԿ-ի ժողովի մը, քարէ եւրոպացիներուն բան մը զգալ տալու ճիգերու մէջ, անմիջապէս կը նմանեցնեմ զինք «Տխուր կերպարի ասպետին»`  հռչակաւոր Տոն Քիշոտին: Նոյնիսկ ազնուական տխրութեամբ համակրանք ներշնչող իր տեսքով նման է անոր: Մանաւանդ երբ կը փորձէ աշխարհի տէրերուն անգոյ հոգիներուն խօսիլ, կը յիշեմ պոռնիկ աղջիկին «պատիւը» պաշպանելու համար ծեծ ուտող Ասպետը: Ու կ՛ուզեմ պոռա՜լ` «Սիրելի՜  Ասպետ, դէմդ կոյսեր չեն արդէն վաղո՜ւց…»:

Վերջերս ալ ան աջ ու ձախ նայելով, հաւանաբար ժողովականներուն քով աչք, ականջ (նաեւ` սիրտ) փնտռելով, կը նշէր, թէ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն անոնց հովանաւորեալներուն թիրախ դարձած են գլխաւորաբար մեծ քաղաքներու քրիստոնէական թաղերն ու քրիստոնէաբնակ գիւղերը:

– Ի՜նչ է ձեր նպատակը,- կ՛աղաղակէր ան,- Սուրիան քրիստոնեաներէն պարպե՞լ:

Թէեւ մենք ալ այլեւս վստահ չենք` ո՞վ կ՛ուզէ քրիստոնեաները հալածել եւ ով` ոչ, բայց իր խօսքը անկեղծ կը հնչէր ու ազդեցիկ էր:

Ան կը խօսէր, մինչդեռ լսող չկար, քանի որ պատգամաւորներուն տեղերը թափուր էին, անոնց աթոռներուն վրայ  միայն ոսկեփայլ աւազ ցանուած էր….

***

Յարգարժան Ռոպեր Հատտէճեան խոր ցաւով գրած էր Հալէպի մասին, գրեթէ ողբալով «Երազային Հալէպ»-ին կործանումը ու թէական յոյսեր փայփայելով, թէ`

«Հիմա որքա՞ն պիտի սպասենք, որ դաժան պատմութիւնը մեզի վերադարձնէ երազային Հալէպը: Որքա՞ն պիտի սպասենք, որ աշխարհի սա կամ նա կեդրոնին մէջ նոր Հալէպ մը ստեղծուի: Որքա՞ն պիտի սպասենք, որ Հալէպը փրկուի սա թունաւոր, մղձաւանջային մակդիրէն»:

Ծառուկեանի օրերու Հալէպը հետագայ սերունդներուն համար ալ իւրովի երազային էր, մինչեւ որ մեր աչքերուն առջեւ երազը վերածուեցաւ մղձաւանջի, երբ շէն գաղութը հողմացրիւ եղաւ ու գնաց այլ վայրերու մէջ երազը շարունակելու: Հաւատա՞նք, որ պիտի շարունակուի ան, գէթ երեւանեան նոր թաղամասի տեսքով, որ այժմէն կը խոստանայ աւելի փողաւան- աղբիւր ըլլալ ոմանց, քան Նոր Հալէպ գաղթած համեստ կարողութեան տէր ընտանիքներուն: Չէ՞ որ նախարար մը օրին յայտարարեց, թէ իրենք «շնորհքովներու» հետ միայն գործ ունին, իսկ անշնորհքնե՞րը…

Աւելի լաւ է մեր արժանապատուութենէն դեռ կաթիլ մը պահենք, տոկալով սպասենք այս մղձաւանջին աւարտը, յուսա՛նք, որ երազը մնայ ու յարատեւէ հո՛ս` այս հիւրընկալ հողին վրայ, որ ամէն բանի հետ մեզի տուած է նաեւ բան մը, որ այլապէս կրնայ իբրեւ անշնորհքութիւն ընկալուիլ` արեւելեան մարդկայնութիւն:

 ***

Եթէ չըլլար մոռացումը, մարդ տակաւին պիտի մնա՞ր տակաւին այս այրուող հողին վրայ… Կը մոռնանք դեռ երէկ պատահած եղեռնագործութիւնները, կը սահմռկինք այսօրուան լսած- տեսածով ու դեռ կը յուսանք, կը սպասենք վերջը: Իսկ ո՞ւր է վերջը. գոնէ մենք այլեւս չենք տեսներ զայն ու այլեւս (շատոնց) չենք ալ հասկնար մեր շուրջ ու մեզի հետ կատարուող եղերական խաղը:

Սակայն հասկցած ենք մէկ բան` այս նողկալի պատերազմը մանրամասն, քայլ առ քայլ մշակուեր ու գծուեր է ո՛չ բնաւ պալատներու մէջ, այլ ամենագարշահոտ նկուղներու, ամենանեխած գռիհներու մէջ` նոյնինքն պալատաբնակներու ձեռքերով ու ոճրածին ուղեղներով: Քանզի լոյսի նշոյլն իսկ բացակայ է անոնց գործերէն:

… Եւ ահա կրկին ու դարձեալ սահմռկած է քրիստոնեայ Սուրիան:

Կրկին մահաբեր հրթիռները անձրեւի պէս կ՛իջնեն մեր թաղամասերուն վրայ, բայց այլեւս առաւել «զարգացած» տարբերակներով` իրենց պոչերուն կրելով կազի տակառիկներ, որպէսզի աւերածութիւնը առաւել «տպաւորիչ» ըլլայ…

Րաքքայի մէջ  Հայոց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ խաչը հաներ ու իրենց այլազան կարիքներուն կը ծառայեցնեն. նաեւ` զինանո՞ց…

Բանակի կողմէն ազատագրուած Մալուլան մեր անբախտ Կարսի ճակատագիրը կրեց, անյայտ պատճառներով չպահպանուեցաւ, կրկին անցաւ թշնամիին ձեռքը, որ անոր հնադարեան պատկերը հիմնովին աղճատեց. գերեվարեց հոգեւորականներ ու անոնց խնամքին ենթակայ որբեր, Քրիստոսի լեզուն պահած ժողովուրդը հալածեց ու բնաւեր ըրաւ, սրբավայրերը հրոյ ճարակ դարձուց:

Ու յանկարծ կը լսենք, թէ քա՛ջ զինուոր մը, մահն աչք առնելով, հրասայլով խիզախած է, դէպի ուխտավայր-քաղաք ճամբայ հարթելով իր ընկերներուն: Նոյնիսկ եթէ իրաւ է, թէ Մալուլան ետ առնուեցաւ (կրկի՛ն երիտասարդ զինուորներու զոհաբերումով), սակայն ինչէ՞ ետք, երբ կորսնցուցեր է իր պատմական դէմքը եւ այլեւս որո՞ւ համար, երբ բնաւեր բնակիչները, ըստ լուրերուն` դիմած են ռուսական հպատակութեան…

***

Ու այս պայմաններուն մէջ` անեկդոտը.

Գնդապետ մը, զոհերէ խուսափելու նպատակով, զինուորներուն կը սորվեցնէ ծպտուելու կերպերը: Երիտասարդ զինուոր մը կ՛ընտրէ ծառ ըլլալ:

– Բայց յիշէ՛, ծառերը չեն շարժիր, ուրեմն տեղդ կեցած պիտի մնաս, եթէ ո՜չ…

Զինուորը կը հասկնայ ու ճիւղերը պարզած կը կենայ դաշտին մէջ: Քիչ ետք աղջիկ տղայ զոյգ մը կը հանգրուանի անոր շուքին:

Յանկարծ գնդապետը կը նկատէ, թէ ծառ-զինուորը կը վազէ, ու կը պոռայ.

– Ծօ՛, քեզի չըսի` անշարժ պիտի մնաս:

Զինուորը կը պատասխանէ.

– Հասկցա՜յ, բայց… երբ «կը սիրեմ, կը սիրես» ըսին` դիմացայ, երբ համբուրուեցան, դիմացայ, բայց երբ սկսան մարմնիս իրենց անուան առաջին տառերը փորագրե՜ լ….

 

 

Share this Article
CATEGORIES