Երախտագիտութեան Խօսք. Հայ Դպրոցի Անմնացորդ Նուիրեալ Սոնա Նաշեանի Յիշատակին

Sona-NashianՈւսուցիչ, դաստիարակ, տնօրէն, կրթական մշակ:

Նուիրեալ բառեր, անփոխարինելի անուանումներ, որոնք կը բնորոշեն գերյարգելի անձնաւորութիւններ, իրենց վեհագոյն առաքելութիւններով եւ ամբողջական զոհողութիւններով սերունդներ հասցնելով, կրթելով, մշակելով ու կոփելով:

Մարդկային կեանքին մէջ, այս առաքինութիւններով օժտուածները, իրօք  պաշտամունքի արժանի են, այնքան ատեն որ անոնք, շարունակաբար կը մնան իրենց կոչումին կառչած նուիրեալներ` դպրոցը, եւ ընդհանրապէս կրթական աշխարհը նկատելով իրենց հարազատ օճախը, այդ ոգիով ալ սնուցանելով ու թրծելով նորանոր սերունդներ:

Օրդ. Սոնա Նաշեանը` 50-ական թուականներէն սկսեալ պատանեկութեանս դպրոցական ուսուցչուհին, Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանին մէջ եղաւ լոյսի ու հաւատքի այն փարոսը, որ մեր հոգիները ջերմացուց, գիտելիքներով, հարստացուց, ուսում ջամբեց, բայց ամէնէն աւելի սիրել սորվեցուց:

Դպրոցական յուշերուս մէջ տակաւին վառ են օրդ. Նաշեանի վարակիչ եւ ուսանելի դասաւանդութիւնները աշխարհագրութեան եւ անգլերէն լեզուի, որոնց կը հետեւէինք ուշադրութեամբ եւ յափշտակութեամբ, որովհետեւ ան ունէր բացառիկ կարողութիւնը գրաւելու աշակերտութիւնը` իր հաղորդական լեզուով եւ ոճով:

Իբրեւ կարգապահութեան պատասխանատու` ան խիստ ու կարծր էր, երբեմն մեզ «անհանգստացնելու» աստիճան, որուն համար ալ կը խուսափէինք անոր խստապահանջութենէն:

Տակաւին աչքիս առջեւ են այն պատկերները, երբ առաւօտները դասարան չմտած, քառորդ ժամ դադար մը կ՛ունենայինք (7:30-7:45), իսկ եթէ եղանակը անձրեւոտ էր, աշակերտութիւնը կը պատսպարուէր եկեղեցւոյ սրահը: Աւելի քան 2000 երկսեռ աշակերտութիւնը, պէտք էր երեւակայել աղմուկն ու ժխորը, բայց երբ օր. Սոնան կը յայտնուէր եկեղեցւոյ մուտքին, քար լռութիւն կը տիրէր, ինկող ասեղին ձայնն իսկ լսելու չափ (ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը):

Այդպէս էր օրդ. Սոնային շուքը` զգաստացնող ու զսպող, արդարեւ, իւրաքանչիւր աշակերտ պարտաւոր էր յարգել այդ ներկայութիւնը:

Երկրորդականի տարիներուս եւս օրդ. Սոնան եղաւ ուսուցչուհիս, սակայն բոլորովին տարբեր մօտեցումով կը վերաբերէր աշակերտութեան հետ, իր դիմաց տեսնելով աւելի «հասուն» սերունդ մը, իսկ ատիկա ցոյց կու տար իր դաստիարակչական ունակութիւնը ու կրթական հասկացողութիւնը:

Օրդ. Սոնան իր շրջանաւարտներու կեանքով ու գործունէութեամբ կը հետաքրքրուէր, կ՛ուրախանար ու կը հպարտանար անոնց յաջողութիւններով, կը հրճուէր եւ կը խանդավառուէր անոնց իրագործումներով:

Յետ շրջանաւարտութեանս, երբ Անգլիա մեկնեցայ` համալսարանական ուսումս շարունակելու, յաճախ իր մտերիմին` մօրմէս կը հետաքրքրուէր իմ մասիս` խնդրելով, որ արձակուրդներուն իրեն հանդիպիմ, իսկ ես ամենայն հաճոյքով եւ գոհունակութեամբ կ՛այցելէի սիրելի ուսուցչուհիիս, մինչ ինք կը հարցուփորձէր զիս ու կը քաջալերէր` սրտանց յաջողութիւններ մաղթելով, որովհետեւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի յաջողութիւնը կը նկատէր ի՛րը, դպրոցի՛նը:

Հետագային, 70-ական թուականներուն երբ արդէն կազմած էի իմ ընտանեկան բոյնս, զիս հրաւիրեցին վարժարանի ծառայութեան, իբրեւ հոգաբարձութեան անդամ:

Սիրով ընդունեցի առաջարկը, մանաւանդ որ նախկին ուսուցչուհիիս` օրդ. Սոնային հետ պիտի գործակցէի, մեր սիրելի վարժարանին կրթական վերելքին օժանդակելու առաքելութեամբ:

Դերերը փոխուած էին, սակայն, յարգանքի զգացումները աւելի բիւրեղացած էին, վերաբերմունքները աւելի պայծառացուած: Այդ ծիրին մէջ, աւելի համոզուեցայ օրդ. Սոնայի իրա՛ւ, դաստիարակի յատկութիւններուն, կազմակերպչական շնորհներուն եւ կրթական անձնուիրութեան:

Ամբողջ 25 տարի սերտ գործակից եղանք` միշտ հայկական դպրոցի գերագոյն շահերը հետապնդելով նոյնիսկ երբ եղած են տեսակէտներու տարբերութիւններ, առանց սակայն անոնք վնասելու անհատական թէ դպրոցական կեանքին:

Բազմավաստակ այս անձնազոհ նուիրեալը այսօր մեկնած է իր ետին ձգելով հարուստ ժառանգ մը կրթական հունձքի, բարի յիշատակներով եւ երախտագին օրինակներով, միաժամանակ դասաւանդելով հայ դպրոցի այլ երախտաւորներ` Գեղամ Միսիսեանի, Արա Թօփճեանի, Բենիամին Ժամկոչեանի շարքին, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեցին հայ դպրոցի կենսունակութեան ու հայ սերունդներու դաստիարակութեան:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ուսուցչուհի:

ՀԱՅԿԱԶ Գ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES