Խոնարհ Հերոսը

Arakel-TerzianԱռաքել Թերզեանի «խոնարհ հերոսին» մահը յուզեց մեզ, մանաւանդ տիրող պայմաններու բերումով Հալէպէն հեռու ըլլալով,  գոհունակութիւնը չունեցանք կատարելու պատշաճ մեր պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները:

Վերջին օրերուն կարդացինք սրտաբուխ արտայայտութիւններ, որոնք վեր առին իր կեանքը ցոլացնող անցուդարձերը, իրագործումները, որպէս քաջ մարտիկ իր աննկուն կամքն ու նուիրումի ոգին` ազգին եւ պատկանած միութեան հանդէպ: Սակայն պարտ կը զգամ որպէս Քիլիսի Հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետի, մատնանշել ընկեր Առաքելի նախանձախնդրութիւնը իր հայրենակցական պատկանելիութեան որպէս քիլիսցի: Ան միշտ մնաց միութեան կողքին արթուն պահակ որպէս վարչակազմի անդամ կամ ոչ, եղաւ ի պահանջել հարկին բանալին յարմար լուծումներ գտնելու որեւէ ծառացած դժուարութիւններու դիմաց,եղաւ խոնարհ ու լուռ գործող: Անցեալի միջ հայրենակցական վէճերու ընթացքին ան եւ իր ուղիէն քալող ընկերներ կրցան նեցուկ կանգնիլ եւ ոտքի պահել միութիւնը` յաղթահարելով փչող աննպաստ հոսանքներուն:

Անոնք` տէր եւ տիկին, չէին զլանար իրենց ներդրումը բերել ազգային գործին: Տիկին Անժելն ալ` որպէս Տիկնանց յանձնախումբի գանձապահ, հետեւելով ամուսնոյն ցուցմունքներուն, ղրուշ առ ղրուշ հաշուելով, տէր կը կանգնէր միութեան գանձին, բծախնդիր աշխատանք ցուցաբերելով, որպէսզի կարելի ըլլար առաւելագոյն չափով օժանդակել քիլիսցի չքաւոր սաներու կրթաթոշակին:

Անոնց տան դռները բաց էին մեզի համար, ան շատ կ՛ուրախանար` տեսնելով երիտասարդ սերունդի մեղուաջան աշխատանքը, կը խրախուսէր,կը գնահատէր եւ կ՛ուզէր միշտ միութեան վարկը բարձր պահել:

Յիշողութեանս մէջ տակաւին վառ մնացած է միութեանս կեդրոնի բացման հանդիսութեան օրը, հակառակ իր վատառողջ վիճակին, դժուարութեամբ հասաւ սրահ եւ իր շինիչ ու քաջալերական սրտի խօսքը փոխանցեց` ներկաներուն վերջին անգամ ըլլալով:

Քու յիշատակդ միշտ անմար պիտի մնայ, Հալէպահայութեան եւ ի մասնաւորի քիլիսցիներուն սրտերուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ,  սիրելի՛ ընկեր:

                                                                              ՅԱՐՈՒԹ Մ. ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES