Հաւատաւոր Հայ Դաշնակցականը` Առաքել Թերզեան
Ինքնագոյ ու ինքնանպատակ կեանք ապրող անձեր շատ են մեր ընկերային թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Անոնց կը հանդիպինք ամէնուրեք եւ ամէնուր: Բայց եւ այնպէս մեր կեանքին մէջ կան այնպիսի անձեր, որոնք ժամանակի գնացքին մէջ չեն թաւալիր եւ ոչ ալ մշուշապատ խաւարին մէջ կը ստուերանան: Անձեր, որոնց կեանքը ամրակայուած ու հիմնաւորուած է անոնց սկզբունքներով եւ անժամանցելի գանձերով: Այպիսիներէն էր իմ մեծ հայրս` Առաքել Թերզեանը:
Դաշնակցականի գաղափարով զրահաւորուած, քաջազուն ֆետայիներու ոգիով զսպանակուած եւ տիպար հայու նախանձախնդրութեամբ տոգորուած ապրեցաւ իր կեանքը` անշահախնդրօրէն, զոհաբերութեամբ, խոնարհութեամբ եւ անձնուիրութեամբ…:
Արդարեւ, Առաքել Թերզեան ՀՅԴ-ի ընտանիքին մէջ սնած էր ու հասակ առած: ՀՅԴ-ն իրեն համար ազգակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց մըն էր եւ իր գործընթացի սեւեռակէտը: ՀՅԴ-ն իր մտքի սլացքը, սրտի տրոփիւնը եւ հոգիի ճախրանքն էր: Իր կեանքի բառարանին մէջ «ո՛չ» բառը գոյութիւն չունէր: Հոն ո՛ւր ազգին ձայնը զինք կը կանչէր, առանց վարանելու կը հասնէր եւ իր բաժինը կը բերէր ազգին ծառայական անդաստանին մէջ:
Շատերու կողմէ սիրուած «ընկեր Առաքել»-ը մաս կազմեց անձնուրաց ղեկավար այն փաղանգին, որ կազմակերպեց գաղութներ, հայ պայքարին տուաւ նոր շունչ եւ ուժականութիւն ու ճամբայ հարթեց գալիք բոլո՛ր մատղաշ սերունդներուն:
Մեծ հայրս նաեւ հայր էր` հայատրոփ գուրգուրանքով նուիրուած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն: Մնայուն լաւատեսն էր, որ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէր խիզախութեամբ եւ դրական լուծումներ գտնելու պատրաստակամութեամբ:
Գործի՛ մարդ էր` բառին վաւերական առումով: Չէր խօսեր միայն, այլ միշտ իր գործով կ՛ապացուցէր իր շինիչ մտածումներն ու գաղափարները: Թէեւ չունէր համալսարանական բարձրագոյն ուսում, բայց բազում սերունդներ դաստիարակեց հայաշունչ գաղափարաբանութեամբ եւ հայատիպ ոգիով: Հալէպահայ երիտասարդութեան ՀՅԴ-ի մէջ ներգրաւման ջատագովն էր` շարունակաբար նոր աւիշ, նոր մօտեցումներ, նոր ուժեր ներարկելու քարոզիչ. անվախ պայքարողն էր իր ժողովուրդի միասնականութեան, անոր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերումին` յանձնառու սփիւռքի եւ հզօր հայրենիքի կերտման ի խնդիր:
Ահա թէ ինչո՛ւ մշակոյթի սէրն ու ապրումը Թերզեանի անձին մէջ սրբազան կիրք մըն էին, անմար կրակ մը, որոնք ջերմացուցին իր հոգին եւ իր հոգիին հետ հոգիները բոլոր անոնց, որոնք հանդիպեցան իրեն եւ գրաւուեցան իրմով: Ո՛ւր որ ալ գտնուեցաւ` ներշնչեց իր խօսքին հմայքով: Զինեց ու կռանեց հայ ոգիով: Ոգեշնչեց ու գօտեպնդեց ազգային երազի հեռանկարներով ու տեսիլներով: Ջրդեղեց ու խորաքանդակեց հայրենիքի յաւերժական ապրումներով ու տենչով` այնպէս, ինչպէս սնած էր ՀՅԴ-ի յարկին տակ:
Տարիներ ետք, իր անձնուրաց ծառայութեան եւ բոլորանուէր աշխատանքին համար Ազգային ժողովին առաջադրանքով եւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը զինք պարգեւատրեց «Կիլիկիոյ Ասպետի» շքանշանով: Արժանի՛ էր…:
Սիրելի՛ աննման մեծ հայրիկս,
Որքա՜ն դժուար եղաւ բաժնուիլ քու անմիջական շրջապատէդ, սիրելիներէդ, ինչպէս նաեւ այն ընկեր-ընկերուհիներէդ, որոնց ընկեր, եղբայր եւ հայր եղար դուն: Մտքիդ յորդուն ուխտով որքա՜ն եւ ինչպէ՜ս զօրացնել կը ջանայիր անոնց դողդոջ քայլերն ու կթոտ ոտքերը: Ինչպէ՞ս ծրարեցիր եւ որտե՞ղ թաքցուցիր այդքան վեհանձն սիրտդ կամ վարար հոգիդ: Այդ միայն Աստուած եւ դուն գիտէք:
Մեծ հայրիկս, կեանքի այն սկզբունքները, որոնք դուն ապրեցար համակ կեանքիդ ընթացքին, քու ապրելակերպիդ նման մենք ալ պիտի շարունակենք ապրիլ, քեզի՛ պէս, քո՛ւ օրինակովդ` որպէս Առաքել Թերզեաններու հայորդիներ, թոռներ եւ ծոռներ:
Դուն արժանիքներու գումարն էիր, քեզ կորսնցուցինք, բայց քու անմար յիշատակդ, խօսքերդ եւ խրատներդ պիտի չկորսնցնենք, պիտի յիշենք քեզ, անմոռանալի եւ իմ սիրազեղ մեծ հայրիկս, որովհետեւ կը հաւատամ, որ չես մեռած, այլ կը ննջես:
Հողը թեթեւ գայ յոգնաբեկ ոսկորներուդ վրայ, սիրելի՛ մեծ հայրիկս, ու յիշատակդ մնայ անթառամ:
Թոռնիկդ`
ԹԱՄԱՐ ՊԱՐՄԱՔՍԶԵԱՆ

