Երիտասարդական Ոսպնեակ. Թրքութիւնը Ե՛րբ Է Մեղայի Եկեր (19 Յունուար, 2007)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Հրանդ Տինքը սպաննեցին Թալէաթ փաշայի
սպանութեան վրէժը առնելու համար»:
Թաներ Աքչամ
Վերջին տարիներուն հայ իրականութիւնը համոզելու մեղուաջան գործընթացները եւ քարոզաբոյր յորդորները անպակաս կը դառնան, երբ տարբեր առիթներու, օտար թրքամէտ գրիչներ եւ կամ նոյնինքն թուրքեր ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն մեզի` հայերուս եւ համայն մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել, նէօ ազատախոհ Թուրքիոյ մը տակաւ կայացումն ու անոր որդեգրած անդառնալի վերափոխութիւններու ճանապարհը:
Անոնք` արեւմտամէտ քաղաքական գործիչներ, փորձագէտներ, ժողովրդավար կարգերու հաստատման ջատագովներ թէ ազատամիտ քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ, յաճախ նշանակէտ են դարձուցեր այն վարկածը, թէ Թուրքիոյ մէջ առկայ բոլոր մակարդակի փոփոխութիւնները անկասելի են եւ, հետեւաբար, բոլորիս ուշադրութեան արժանի:
Ճիշդ է, որ վերջին տասնամեակի Թուրքիան այդ չէ, ինչ որ էր մօտիկ անցեալին: Բարացուցակական է այն, որ տակաւ զարգացող եւ ինքզինք պարտադրող քաղաքացիական շարժումներու առկայութիւնը, երիտասարդական բողոքի, պոռթկումի եւ ցասումի դրսեւորումները, տարբեր առիթներու նաեւ սաստիկ բախումներու բռնկումը, ինքնին ապացոյց են այն իրողութեան, թէ բան մը կը պատահի այդտեղ:
Ի դէպ, ընդգծուած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային նշումներուն հետ միատեղ, առհասարակ մեզ` հայերս հետաքրքրողը կը մնայ այն, թէ որքանով պիտի կարենանք օգտուիլ ընծայուած պատեհ առիթներէն` ազգային մեր տենչերուն, իրաւունքներուն եւ քաղաքական հաշուարկներուն արդիւնաւէտ ելքեր ապահովելու համար:
Եթէ երբեք պահ մը զանց առնենք Թուրքիոյ վարած շրջանային թէ առհասարակ միջազգային քաղաքական գործընթացները, անոր այժմու թէ հետագայ տասնամեակներու վրայ երկարած աշխարհաքաղաքական նկրտումները, շատ անգամ ձախող եւ խաղքութեամբ յատկանշուող պետական մակարդակի յարաբերութիւնները, շփումներն ու կեցուածքները, մէկ ու հիմնական երեւոյթ պէտք չէ մտահան ընենք ազգովին, թէ հակառակ քաղաքական բազմաճակատ վերիվայրումներու եւ անդոհանքներու, ներքին բարդ ու կնճռոտ հարցերուն, թուրք պետական մտածողութիւնը կը շարունակէ անզիջող մնալ հայ ժողովուրդի տարրական իրաւունքներու իսկ նկատմամբ, եւ սա յստակ ու յարձակողապաշտի կողմնորոշութեամբ:
Այլ խօսքով, թուրք երկդիմի եւ շատ անգամ աճպարար պետական միտքը կը շարունակէ իբրեւ հիմք ընդունիլ հայատեացութիւնը, մոլեռանդութիւնը, ցեղապաշտութիւնն ու այլամերժութիւնը, որոնց վայրագ եւ զազիր արտայայտութիւններուն կը հանդիպինք ամէնուրեք եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Այսինքն, միամտութեամբ եւ պարզամտութեամբ շղարշած կ՛ըլլանք մենք մեզ, եթէ երբեք Թուրքիոյ մէջ այսպէս ասած դրական շարժումները նկատի առած յոյսեր պարուրենք, եւ մեր կարգին քաղաքական մեր խաղերուն ընթացք տանք` այն մեկնակէտով, որ քաղաքական կեանքի մէջ անխուսափելի են երկխօսութիւններ ծաւալելու առիթներն ու զիրար հասկնալու պարտաւորութիւնները:
Այո՛, կղզիացումէ հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական հարթակներու վրայ թէ արահետներու մէջ գործօն ըլլալու հանգամանքը առաւելութիւններ են, ըստ ամենայնի, որոնց կայացումով կը յառաջդիմէ նոյնինքն քաղաքական միտքն ու պետական մտածողութիւնը:
Նոյն մեկնակէտէ թելադրուած, հայրենասիրութեամբ տոգորուած, քաջ ու յանդուգն հայ մտաւորականի եւ քաղաքական մտքի գործիչի` Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, հայ իրականութեան համար, աշխարհով մը տարածուած, նոյն կացութիւնն ու իրավիճակը չէ, ինչ որ էր նախանցեալ տասնամեակներուն Թուրքիոյ մէջ, ուր ինքնաճանաչումի, խօսքի ազատականացման, հաւաքական յիշողութեան եւ ազգային իրաւունքի տարրական հասկացողութիւններ կը մնային բռնադատուած, ճնշումի ենթակայ եւ ուղղակիօրէն հակակշռուած:
Այսուամենայնիւ, հայ ազատախոհ հրապարակագիր Հրանդ Տինքի զազիր սպանութիւնն ու ցարդ անոր դատաիրաւական թղթածրարի քաշքշուքը` մե՛րթ ստապատիր ու կեղծ կարգախօսներով, մե՛րթ քաղաքական ոխակալ եւ լկտի կեցուածքներով, կը մնան այսպէս ասած արդի Թուրքիոյ ճակատին քամուած ամօթալի խարաններ, որոնց վերացման համար պէտք է պայքարի նախ թուրք ազատական տարրը, ապա` միջազգային հանրութիւնը, որ ամէն քայլափոխի կ՛ուզէ հայութեան ծախել քաղաքական յորդորներ եւ պճնուած վարքագիծեր:
Պիտի չուզենք խօսիլ ու կրկնել նոյն մօտեցումը, որ թուրքի ոճրամիտ բնազդն ու միտքը ինչպէս անցեալի դարերուն, նաեւ այս օրերուն չէ դադրած որոճալէ հայաջինջ ծրագիրներ (շատ անգամ բացայայտ) եւ թուրանական¬օսմանական երազներու իրականացման միտող քաղաքական¬գաղափարախօսական գործընթացներ:
Հաւատացողն ենք, որ Հրանդ Տինք անարգաբար սպաննուեցաւ թուրք ազգայնամոլներու ձեռամբ եւ պետական հովանաւորութեամբ:
Թէեւ անոր ոչնչացումով ամբաստանուեցաւ թուրք պետական ուրուային միտքն ու կառոյցը, սայկան, ոչ ոք համարձակութիւնը ունեցաւ յականէ անուանէ դատապարտելու դաւադրութեան թէ նորովի սպանդին ետին կանգնողներն ու ծրագրողները, որոնց թաքուն աշխատանքներուն մասին ծանօթ է ամբողջ մարդկութիւնը:
Մարդասպան Օկիւն Սամասթներն ու Եասին Հայալներ պարզապէս գործակատարներն էին հրէշային ամբողջ ծրագիրի մը, որուն ականատես եղանք յետ Հրանդի սպանութեան:
Ոճիրի կայացումէն ետք, աւելի քան վեց տարիէ արդէն ականատես ենք իրաւական թատերական արարներու, որոնց բացայայտումն անգամ կը կատարեն նոյնինքն թրքական լրատուական զանգուածներ, շատ անգամ քաղաքական հաշուարկներէ թելադրուած:
Տարի մը եւս բոլորած թուրք արդարադատութիւնը կը շարունակէ ապաբարոյ եւ հայատեաց իր վարքագիծը: Վստահ ենք որ, պիտի շարունակէ մնալ այդպէս` պարզապէս ներքին սպառումի եւ քարոզչական միտումներու յագուրդ տալով:
Զաւեշտական մօտեցումով մը Տրապիզոնի հետախուզական վարչութեան իրազեկիչ Էրհան Թունճել, որ ամբաստանուած էր Հրանդի հարցով, աստիճանի բարձրացում կ՛ունենայ, կը հերոսանայ:
Զինուորական ծառայող հայազգի Սեւակ Շահին 2011 ապրիլ 24¬ին, զօրանոցին մէջ սխալմամբ կը սպաննուի, ի՛նչ զուգադիպութիւն:
Ինչպէ՛ս մոռնալ Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ ծերունիներու դէմ յարձակումները, եւ այս հարցով քննութիւններն ու դատավարութեան տխուր վախճանը:
Մարդասպան թուրք հրոսակներ ամէնէն վայրագ միջոցներու դիմած կը սպաննեն հայ ութսունամեայ Մարիցա Քիւչիւքը (դեկտեբեր 2012): Իսկ քիչ անդին թուրք պետական զօրաց հովանիին տակ փորձեր կ՛ըլլան առեւանգելու հայ երիտասարդուհիներ, նեղել ու սպառնալ հայ լրագրողներու, առանց դոյզ կաշկանդումի եւ բացայայտօրէն:
Միւս կողմէ, թուրք, քիւրտ, ալաուի, յոյն, ասորի թէ այլ ազատախոհ հաւաքականութիւններ, ամէն առիթի կը բացագանչեն` «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Վերջ ատելութեան ու սպանդին» եւ այլն:
Ցոյցերու ընթացքին գոռացողներ կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ ազատ Թուրքիա ունենալու տեսլականին, կ՛անիծեն անհանդուրժող եւ տմարդի վարգագիծերը, կ՛երգե՜ն եւրոպականացած Թուրքիոյ իրագործումները եւ կ՛երազեն արդարադատ եւ ժողովրդավար հայրենիքի մը կայացումը:
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը հեւ ի հեւ լծուած է դատապարտումի աշխատանքին, բարբարոսութեան դիմագիծը մեղմելու համար:
Երկրի մը մէջ, ու «հայ» բառը որպէս հայհոյանք կ՛օգտագործուի, փորձ կ՛ընենք իրերհասկացողութեան եզրեր գտնելու:
Կը մնայ հզօր Հայաստանի մը ներքեւ աւելի ծանօթանալ Հրանդ Տինքի սխրանքին, որպէս յուշարար գալիք սերունդներու եւ ապագայ ծրագիրներու իրականացման:
«Հայհոյանքը փաստի սով է», ըսած է մեծն Յակոբ Պարոնեան:

