Յատուկ «Ազդակ»-ին. Հարցազրոյց. «Ամօթ Կը Զգամ Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը» Գիրքի Հեղինակ Իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

«Հրանդ Տինքի ոճիրը իր ծրագրումով, պատրաստութեամբ եւ գործադրութեամբ, քայլ առ քայլ տեղի ունեցաւ մեր հանդիսատեսներուս աչքերուն առջեւ, եւ մենք, ըստ սովորականին, գործուող ոճիրին ողջ ընթացքը դիտելով բաւականացանք. այնպէս, ինչպէս բաւականացած էինք տարիներէ ի վեր գործուող մեղքերուն եւ ապրուող ցաւերուն լոկ հանդիսատես ըլլալով…»

                                                                                                                                     Ֆ. Չեթին

Fethiye-CetinՀրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի 2013 սեպտեմբերին լոյս տեսած «Ամօթ կը զգամ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» գիրքը, կոտրել անցնելով Թուրքիոյ պետական աւանդութեամբ սահմանուած «կարմիր գիծեր»-ու բոլոր անցարգելները, կը քողազերծէ երկրին խորքային պետութեան մաս կազմող գաղտնի կառոյցներու դատապարտելի վարքագիծը, կը մատնանշէ արդարադատութեան քաղաքականացուած ոլորտին ունեցած կասկածելի կապերը այդ կառոյցներուն հետ եւ կը բացայայտէ երկրին քաղաքացիին կեանքը թունաւորած այնպիսի գաղտնիքներ, որոնք այս գիրքին հրատարակութեան առաջին օրէն իսկ սկսած են մեծ ցնցումներու ենթարկել երկրին հասարակական գիտակցութեան հիմերը, որոնց վրայ կառուցուած կեղծ ժողովրդավարութեան հմայքը` լոկ առասպել մըն է …

«Ազդակ» հարզազրոյց մը ունենալով Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ, լուսարձակի տակ կը բերէ այնպիսի իրականութիւններ, որոնք նոյնքան կը հետաքրքրեն եւ նոյնքան կը յուզեն Թուրքիոյ քաղաքացիները, ինչպէս հայ անհատը եւ ընդհանրապէս արդարութեան հետամուտ բոլոր մարդիկն ու բոլոր կազմակերպութիւնները…:

«ԱԶԴԱԿ».- Դուք ձեր «Ամօթ կը զգամ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» գիրքով, ուղղակիօրէն կը դատապարտէք Թուրքիոյ պետութիւնը, մասնաւորաբար երկրին իրաւական եւ արդարադատութեան համակարգերը: Չէ՞ք կարծեր, թէ բոլոր կարմիր գիծերը անցած էք:           

ՖԵԹՀԻԷ ՉԵԹԻՆ.- Այս գիրքով Հրանդ Տինքի դատին թղթածրարներուն մէջ տեսածներս, ականատեսի վկայութիւններս եւ այս բոլորին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապն ու հաստատումներս կը բարձրաձայնեմ: Տեսածներս,  ապրածներս եւ կարգ մը դէպքերու մասին ականատեսի վկայութիւններս ինքնին` մատնացոյց կ՛ընեն պետութիւնն ու իր կարմիր գիծերը:

Միւս կողմէն, անկախ պետութեան կարմիր գիծերու մատնանշումէն, այս բոլորը կը միտին նաե՛ւ հանրային կարծիքի լուսաբանումին, արդարացնելու իրաւաբանի կոչումիս պահանջներն ու պարտաւորութիւնները: Ասկէ զատ, համոզուած եմ նաե՛ւ , որ անկարելի է աշխարհի մէջ որեւէ տեղ արդար եւ ժողովրդավար կարգ ու սարք հաստատել, առանց անոր գինը վճարելու: Անձնապէս, ինչ ալ ըլլան պայմանները, միշտ ալ նկատի ունեցած եմ վճարելիք տուրքս` յանուն մարդկայնութեան յաղթանակին, ճշմարտութեան բացայայտումին եւ արդարութեան հաստատման: Այս մօտեցումը մեծապէս կ՛իմաստաւորէ կեանքիս մէջ հետապնդած բոլոր նպատակներս:

«Ա.».- Դուք Հրանդ Տինքին սպանութենէն քանի մը ժամ ետք, Փարիզի մէջ միջազգային լրատուամիջոցներուն տուած ձեր մամլոյ ասուլիսով առանց դոյզն վերապահութեան յայտարարեցիք, որ Հրանդ Տինքը սպաննողը Թուրքիոյ խորքային կառավարութիւնն է (Derin Devlet )… ի՞նչ հիմքեր ունէիք այդ մատնանշումը կատարելու:          

Ֆ. Չ.- Նման պատասխանատու յայտարարութիւն մը կատարելու համար ձեռքիս տակ ունէի ապրուած դէպքերու, վկայութիւններու, Հրանդին սպանութիւնէն առաջ գործուած մահափորձերու եւ չբացայայտուած ոճիրներու թղթածրարները… Այս բոլորին մասին ամբողջ փորձառութիւն մը ունէի, միւս կողմէն ձեռքի տակ ունէի նաե՛ւ պետութեան պատմական աւանդութիւններուն եւ կիրարկած գործելաձեւին մասին ժամանակի ընթացքին հաստատուած տեղեկութիւններ եւ ապացոյցներ …

Անձնապէս վկայ էի նաեւ, Հրանդին թիրախ եւ նշանակէտ դարձած ժամանակահատուածին մէջ, անոր եւ իմ ունեցած ապրումներուն, երկուստեք մեր ապրած տագնապներուն… վկայ էի, կային եւ այլ վկաներ անոր դէմ բացուած այն բոլոր անհիմն դատերուն, արձակուած դժխեմ վճիռներուն եւ հակառակ Հրանդին  ո՛չ մէկ յանցանք կան մեղք բովանդակող խօսքերուն, մէկ ու միակ կեդրոնէ մը զսպանակուող անոր դէմ կատարուող դատապարտելի արարքներուն:

«Ա.».- Ձեր գիրքին մէջ կ՛ըսէք, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան վճիռը արձակած է Թուրքիոյ Ազգ. հետախուզութեան կազմակերպութիւնը (MIT-Milli Istihbarat Teskilati-): Սոսկական մարդու համար, այնքան ալ յստակ չեն Ազգ. հետախուզութեան կազմակերպութեան, երկրին խորքային կառավարութեան (Derin Devlet) եւ Էրկենեքոնի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը: Ըստ ձեզի, ի՞նչ են այս գաղտնախորհուրդ կազմակերպութիւնները իրարու կապող հանգամանքները եւ ի՞նչ են Հրանդ Տինքը եւ իր նմանները մէջտեղէն վերցնելու անոնց պատճառները:

Ֆ. Չ.- Ես չեմ ըսողը, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան վճիռը Ազգ. հետախուզութեան կազմակերպութիւնը արձակած է, այս մասին տեղեկութիւն տուած է նոյն ինքն այդ կազմակերպութեան անդամ ճանչցուած գործակալ մը, անոր ըսածներուն եւ տուած փաստաթուղթերու պատճէններուն համաձայն, Թուրքիոյ Ազգ. հետախուզութեան կազմակերպութիւնը , ներքին կարգով կատարուած թղթակցութեամբ մը, իր անձնակազմին տեղեկացուցած է Հրանդ Տինքին հանդէպ իր արձակած վճիռը: Անձնապէս չէի կրնար հաստատել այս լուրին ճշդութիւնը, չէի գիտեր, թէ որքա՞ն հաւաստի էր հաղորդուածը , հետեւաբար լուրը եւ անոր առնչակից կարգ մը տեղեկութիւններու մասին հարցաքննութիւն կատարելու եւ անոնց ճշդութիւնը հաստատելու համար, փաստաթուղթերու նշեալ պատճէնները համապատասխան դատախազութեան տրամադրութեան տակ դրի, սակայն վերջինիս կատարած ուսումնասիրութիւններէն գոհ չմնալուս համար, որպէսզի այդ տեղեկութիւնները չկորսուին պատմութեան անցած փաստաթուղթերու բաւիղներուն մէջ, իբրեւ պատմական ծանօթագրութիւն, զանոնք գիրքիս մէջ ներառեցի:

Թուրքիոյ մէջ «Խորքային պետութիւն»-ը մանաւանդ եւ մասնաւորաբար երկու կազմակերպութիւններ կ՛ենթադրէ, մէկը Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակն է (Genelkurmay Ozel Harp Dairesi), իսկ միւսը` Թուրքիոյ «Ազգ հետախուզութեան կազմակերպութիւնը: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, մեկնելով խորհրդային միութեան կատարելիք հաւանական արշաւանքներուն հակադարձելու որոշումէն, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու բանակներու կառոյցներուն մէջ ստեղծուած են զինեալ գաղտնի ուժեր, ինչպէս Իտալիոյ «ԿԼԱՏԻՕ»-ն, Յունաստանի մէջ «Ոչխարի մորթի» անունը կրող գաղտնի բանակը եւ Թուրքիոյ մէջ Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակը:

Իւրաքանչիւր երկրի մէջ, այս բանակներուն հիմնադիրն ու աշխատողները համապատասխան կրթութիւն ստացած են Միացեալ Նահանգներու «Կեհլեն հրամանատարութեան» նացի սպաներէն: Թուրքիոյ մէջ Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակ անունը կրող գաղտնի բանակը ստեղծուած է «Թեշքիլաթը Մահսուսա»-ի քաղաքակամ աւանդոյթներուն յանձնառութեամբ գործող` գնդապետ Տանիշ Քարապելէնի բանակի ղեկավարութեան օրօք :

Քարապելէն նախքան Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած իր կրթութիւնը, պատերազմներու ոչ սովորական հնարամտութիւն ու հմտութիւնները «Թեշքիլթը Մահսուսէ»-ի ճամբարներուն մէջ սորված էր, ծառայած էր նաե՛ւ Թալէաթ փաշային հրահանգով ստեղծուած «Քարաքոլ» կոչուող կազմակերպութեան մէջ: Քարապելէն անձնապէս ինք ընտրած էր Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակ-ին մէջ պաշտօններ զբաղեցնելու կոչուած սպաներն ու ենթասպաները:

«Ազգ. հետախուզութեան կազմակերպութիւնն ալ որոշ ատեն մը, Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակի սպաներով ղեկավարուած է, միասնաբար «գործողութիւններ» կատարած են:

Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակ»-ի կառոյցին մէջ, ընտրեալ քաղաքայիններէ բաղկացած ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մըն ալ ստեղծուեցաւ: Զանազան ասպարէզներէ ընտրուած այս նոր կազմակերպութեան անդամները, կրնային ներթափանցել հասարակութեան բաղկացուցիչ նոյնիսկ ամէնէն փոքր բջիջներուն մէջ: Սպայակոյտի ռազմական Յատուկ գրասենեակ»ին ենթակայ բոլոր քաղաքային անդամները, երկրին զանազան վայրերուն մէջ ստեղծուած ճամբարներու մէջ ստացած են իրենց կրթութիւնը` Միացեալ Նահանգներու մէջ պատրաստուած սպաներու կողմէ:

1990-ականներու աւարտին պաղ պատերազմը վերջ գտած էր, Խորհրդային Միութիւնը փլուզուած էր, արեւմուտքի մէջ գաղտնի բանակները կը բացայայտուէին եւ հաշուեյարդարի կ՛ենթարկուէին, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ համանման գաղտնի կառոյցը` Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակը աւելի զօրանալով իր գործունէութիւնը կը շարունակէր, այս կառոյցը հաշուեյարդարի ենթարկելով զայն չէզոքացնելը շատ դժուար ու բարդ գործ էր, պարզապէս որովհետեւ ան ամբողջ պետութեան մէջ ներթափանցած էր… պետութեան բոլոր հաստատութիւններու եւ անոր խորքերուն մէջ ներթափանցած կառոյց էր…:

Մեկնելով գիտցածներէս եւ տեսածներէս` անվերպահօրէն կ՛ըսեմ, որ Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակը, իր նոր անուանումով` Արտակարգ ուժերու հրամանատարութիւնը  (Ozel Kuvvetler Komutanligi) ) «Թէշքիլաթը Մահսուսա»-ի պատմականօրէն հաստատուած եւ դեռ ուժի մէջ եղող քաղաքական աւանդոյթին շարունակութիւնն է… Անոր առաջին հիմնադիրին եւ ողջ անձնակազմին ունեցած մտայնութիւնն ու աւանդոյթներու համակարգը փոխանցուած ըլլալով նաե՛ւ այս կազմակերպութեան, մինչեւ այսօր կը շարունակեն դրսեւորուիլ համապատասխան գործունէութեամբ… Ազգայնամոլութեան հիմքերէ մեկնող բռնութիւնն ու վայրագութիւնները այս կազմակերպութեան գլխաւոր յատկանիշերը դարձած են, ցեղամոլութեան այս մոլուցքին պատճառով կազմակերպութեան թիրախ դարձան երկրին փոքրամասնութիւնները` քիւրտերը, ալեւիները եւ անոր բոլոր ընդիմադիրները: Պէտք է ըսել նաեւ, որ նոյնիսկ եթէ համայնավարութիւնը դադրի սպառնալիք նկատուելէ, այս կազմակերպութիւնը չի դադրիր թշնամիներ ունենալէ, ան միշտ ալ ունեցած է թշնամիներ, որոնց դէմ դաժան կռիւ կը մղէ, թշնամիներ չգտնելու պարագայի, յանուն իր կառավարած համակարգի գոյատեւումին, թշնամիներ ստեղծելով իր պայքարը կը տանի անոնց դէմ, պարզապէս որովհետեւ ժառանգուած աւանդութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…:

Ըստ իս , Էրկենեքոնը Սպայակոյտի ռազմական յատուկ գրասենեակին կապուած կառոյց մըն է: Էրկենեքոնի դատը բացուեցաւ, Խորքային կառավարութեան կապուած խումբ մը մարդիկ հաշուեյարդարի ենթարկուեցան, սակայն Խորքային պետութեան եւ անձնակազմի մնացած տարրերուն չդպան, այս պատճառով գիրքիս մէջ կ՛անդրադառնամ Էրկենեքոնը գլած անցած , անոր վրայ հիմնուած կառոյցի մը եւ լուրջ բանավէճի նիւթ կը դարձնեմ այս կառոյցը մատնանշող տեղեկութիւններն ու տուեալները:

«Ա.».- Ոճիրէն քանի մը ժամ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկաւ պաշտօնական  յայտարարութեամբ մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ` «այս փամփուշտները ոչ թէ, Հրանդ Տինքին, այլ Թուրքիոյ եւ երկրին ժողովրդավարութեան գործընթացին դէմ ուղղուած է… »: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս հերթական սուտն ու կեղծիքը:            

Ֆ. Չ.- Իրականութեան մէջ ասիկա ճիշդ դիտարկում մըն է, որովհետեւ Հրանդ Տինքի սպանութեամբ  աշխատեցան սարսափեցնել Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը եւ անոնց ընդմէջէն սփիւռքահայութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ժողովրդավար տարրը, սակայն տեղի ունեցած հակազդեցութիւնը բոլորովին անոնց նպատակներուն հակառակ եղաւ, հարիւր հազարաւորներ ցոյցի ելլելով` «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք…», «բոլորս հայ ենք…» վանկարկելով փողոցները ողողեցին:

«Ա.».- Մեկնելով իրապատկերի մը տուեալներէն` ունինք այն համոզումը, որ անկախ` Թուրքիոյ կառավարական վարչակարգերու բնոյթէն, ըլլան անոնք աշխարհիկ թէ կրօնական, անոնց կապը անքակտելի է երկրին Խորքային կառավարութեան հետ, որքան ալ երեւութապէս անկախ քաղաքականութեան մը պատրանքը ստեղծելու ճիգեր ի գործ դրուին, այնպէս ինչպէս իր իրերայաջորդ կառավարութիւններով Հանրապետական Թուրքիան բնական շարունակութիւնն է Իթթիհատական Թուրքիոյ, մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ բոլորին կողմէ ամրագրուած իրենց քաղաքականութեամբ:

Ֆ. Չ.- Այս պատճառով, Հրանդ Տինքին սպանութեան հանգամանքներուն մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տամ, այս ոճիրը կը գտնուի պետութեան դաւանած անխախտ եւ անզանցառելի երկու աւանդոյթներու զիրար հատող քառուղիին վրայ, որոնցմէ մէկը «քաղաքական ոճիրներու, զանգուածային ջարդերու եւ մահափորձերու աւանդոյթն է… », իսկ միւսը` « հայերուն դէմ թշնամութեան աւանդոյթն է…»: Երկրին զանազան ոլորտներուն մէջ իրարու դէմ վէճ ու կռիւ ունեցող, իրարու հակադրուող բոլոր կողմերը եւ բոլոր հիմնարկներուն ու հաստատութիւններուն քաղաքական կառոյցները միաւորողը` այս երկու աւանդոյթները հատող քառուղիին այն կէտն է, որուն վրայ կանգնած էր, եւ որուն վրայ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինք: Այս մասին գիրքիս մէջ շատ օրինակներ կան:

«Ա.».- Հայ անհատին կը հետաքրքրէ հետեւեալ հարցը` Հրանդին սպանութիւնը տեղի ունեցաւ պատճառով մը, ի՞նչ էր այդ պատճառը, Հրանդին հայ ըլլա՞լն ու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, թէկուզ ոչ քաղաքական, այլ հասարակական եւ մարդկային խղճի ուղիներով արծարծե՞լն էր, թէ՞ անոր իրական ժողովրդավարութեան եւ հանդուրժողութեան սկզբունքներով ստեղծուելիք նոր Թուրքիիոյ մը առաջնակարգ գաղափարախօսներէն մէկը ըլլալը:

Ֆ. Չ.- Ձեր այս հարցումին կ՛ուզեմ ամբողջական եւ սպառիչ պատասխան մը տալ.

Հրանդ Տինքը սպաննեցին`

Որովհետեւ ան կանգնած էր այն քառուղիին վրայ, ուր պետութեան գերիշխանութեան սպառնացող սարսափը ապրողներուն, կարմիր գիծերուն եւ հպարգելքներուն պաշտպան,  կողմնակից եղողներուն եւ անոնց դէմ կանգնողներուն պայքարի գիծերը կը հատուէին…

Որովհետեւ Հրանդ Տինք իր դիրքով, իր հեղինակութեամբ եւ իր կեցուածքով շարունակ անոնց կը յիշեցնէր այն բաները, զորս երբեք յիշել չէին ուզեր… Կը մտրակէր առերեսուելու անոնց անվերջ վախերը եւ կը յայտնուէր հոն, ուր իրենց յանցանքներով եւ մեղքերով լի անցեալը մոռացութեան տալու համար անդուլ ջանք կը թափուէր:

Որովհետեւ Հրանդ Տինք չէր բաւարարուեր լոկ այդ անցեալին իրականութիւնը անոնց յիշեցնելով, այլ այդ բոլորը կը պատմէր այս երկրի մարդոց, կը պատմէր իր ընկերներուն, բարեկամներուն, իրեն հետ կապ ունեցող ամէն մէկ անձի, իր ընթերցողներուն, իր ելոյթներուն հետեւողներուն … եւ զինք մտիկ ընողները բոլորն ալ իր ըսածներուն կը հաւատային:

Որովհետեւ Հրանդ Տինք դէմ կ՛ելլէր ամէն տեսակի ճնշամիջոցներու… կ՛ընդդիմանար զինուորական վերահսկիչ վարչաձեւերուն, եւ երկրին բոլոր օրէնքներուն. բոլոր հաստատութիւններուն մէջ լիարժէք ժողովրդավարութեան հաստատման համար կը պայքարէր… սակայն անոնց տեսանկիւնէն, մանաւանդ հայու մը բարձրաձայնած « ժողովրդավարութիւն» եւ «բազմակարծութիւն» կոչերը, երբեք ընդունելի չէին կրնար ըլլալ:

«Ա.».- Դուք, ձեր նմաններուն հետ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան առջեւ բարձրացող պատնէշներու դէմ, անտեղիտալի եւ վճռական պայքար կը տանիք: Կը հաւատա՞ք, որ Թուրքիոյ «աւանդական (ան) արդարադատութեան համակարգը» կրնաք փոխել, որուն իրականանալու պարագային պիտի քողազերծուի ոճիրներու եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած երկրի մը իրական պատմութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ, Խորքային պետութեան «ուրուային» գոյութեան դէմ, ի՞նչ միջոցներով ձեր պայքարը կը տանիք:          

Ֆ. Չ.- Անշուշտ կը հաւատամ, որ Թուրքիան պիտի փոխուի, այս յոյսը ոչ մէկ ատեն չեմ կորսնցուցած, համոզուած եմ, որ ասպարէզս եւ մարդկայնութիւնս վերջ կը գտնեն, այն պահուն,  երբ յոյսս կորսնցնեմ… Այնքան ատեն որ մեր ուժը չի դաւաճանէր մեզի, մինչեւ մեր կեանքին վերջը այս շարունակենք… խոր համոզումով սկսած եւ յամառ հետապնդումով շարունակուող մեր պայքարը իր վախճանակէտին կը հասնի, միայն արդարութեան նուաճումով…:

«Ա.».- Որքանո՞վ կը հաւատաք Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին, ցարդ ան որքանո՞վ նպաստած է Հրադ Տինքի դատին նմանող, Թուրքիոյ մէջ բացուած այլ դատերու լուծումին: Հրանդին սպանութենէն եօթը տարիներ անց, ո՞ւր կը գտնուի այդ դատարանը այսօր:      

Ֆ. Չ.- Եւրոպական խորհուրդի անդամ եղող Թուրքիան Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին լիազօրութիւնը ընդունած երկիր մըն է: Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարաց յանձնաժողովը, կը ստուգէ եւ կը հետապնդէ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի որոշումներուն  գործադրութիւնը տուեալ երկրին մէջ: Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Թուրքիոյ համար տրուած որոշումներուն գործադրութիւնը փաստագրող տոմարը, շատ խայտառակ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Եւրոպայի Նախարարաց խորհուրդի յանձնաժողովը` հարցաքննելով կառավարութիւնը, կը հետեւի նաե՛ւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ուղղութեամբ տրուած որոշումներուն, սակայն կառավարութիւնը դատավարութիւններուն եւ հարցաքննութիւններուն շարունակութիւնը հաւաստող սուտ զեկուցումներով, կը խաբէ ու կը մոլորեցնէ Նախարարաց խորհուրդը, մինչ մենք պարբերաբար զանոնք տեղեակ պահելով տեղի ունեցող զարգացումներուն, կը ջանանք անոնց յիշեցնել տուած  որոշումներուն դեռ չգործադրուած ըլլալը: Մենք երբեք պիտի չհրաժարինք այս բոլորը հետապնդելէ, այնքան ատեն, որ տրուած որոշումները գործադրութեան չեն դրուիր :

«Ա.».- Ձեր գիրքին մէջ տեղ մը կ՛ըսէք, թէ «Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումով` Թուրքիան կը բացայայտուի … », այս պարագային, ուրեմն կարելի է ըսել, որ Հրանդ Տինքի դատը այնքան կարեւոր է , որուն լուծումները երկրին ճակատագիրը փոխելուն կը նպաստեն…:           

Ֆ. Չ.- Այո՛, Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումը պիտի նշանակէ բացայայտումը այս պետութեան,   բացայայտումը անոր ստեղծման հիմք ծառայած փիլիսոփայութեան, անոր գաղափարախօսութեան եւ պաշտօնական պատմութեան, Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումը` պիտի նշանակէ պետութեան  եւ անոր կառոյցներուն, հրոսակախումբերու յենելով ստեղծուած ըլլալու իրականութիւնը, օրէնքին եւ օրէնսդրութեան հակադրուող անոր գործունէութիւնը, պետական կառոյցին յարմարող արդարադատութեան համակարգի մը ձեւակերպումը, պետական պաշտօնեաներուն եւ  պետութեան ենթակայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորաբար հայերու հանդէպ թշնամանքի կոշկոռ կապած մտայնութիւնը… Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումը պիտի նշանակէ պետական կառոյցին ճաթռտելով տապալիլը, որովհետեւ այսպիսով երեւան պիտի ելլէ յանցանքներով եւ մեղքերով լի անցեալ մը, հետեւաբար` ժխտումի քաղաքականութիւնը պիտի սնանկանայ… Մէկ խօսքով` այս բոլոր համակարգերու, կառոյցներու եւ երկրին համապատասխան փիլիսոփայութեան ու գաղափարախօսութեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական պատմութեան բացայայտումը, պետութեան տապալումը պիտի նշանակեն…:

«Ա.».- Հրանդ Տինքի «ջուրը իր հունը գտաւ… » նշանաւոր խօսքը յոյս եւ սպասում ըլլալէ աւելի երկրին մէջ փոփոխութիւններու անխուսափելի սկիզբը նախանշող իր համոզումը կը բացայայտէր… Հրանդին ակնարկած ջուրին բացած այդ վտիտ առուն, այսօր ի՞նչ տարողութեամբ  իր հունով կ՛ընթանայ, ջուրի այդ առուն որքանո՞վ կը հոսի…

Ֆ. Չ.- Հրանդին ակնարկած ջուրը իր առուն գտած է արդէն, իր հունով կը հոսի եւ նոր համակիրներու խտացող շարքերով տակաւ ուժ կը ստանայ ու կը զօրանայ… Այդ ջուրը կրնայ ըլլալ, որ այսօր այնքան ալ յորդ ընթացք չունի, սակայն անոր վարար գետ դառնալու ժամանակը հեռու չէ, պարզապէս, որովհետեւ անկարելի է արգելակել հոսող ջուրին ընթացքը… հարիւր տարիներու արգելքի հաստ պատը` այսօր արդէն ծակծկած է … մարդիկ ա՛լ սկսած են յիշել եւ խօսիլ…:

«Ա.».- «Առանց հանդիսատեսի զուլում, չըլլար…» խօսքը խորիմաստ եւ շատ պատասխանատու խօսք է … ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:

Ֆ. Չ.- Աշխարհի համանման այլ երկիրներու օրինակով, այս հողերուն վրայ ալ «զուլում ընողը» իր ուժը լուռ հանդիսատեսներէն առած է… միշտ հանդիսատեսներով զօրացած է… շատ ափսոս, որ զուլում ընողին հանդիսատեսներու լուռ հաւանութեամբ գործուած «մեղքը» դադրեցաւ մեղք ըլլալէ, հանդիսատեսներուն հաւանութեան պատճառով «այդ մեղքը գործողները» չդատուեցան, գործուած մեղքերն ալ անպատիժ մնացին …

Մուրատ Պելկէ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ, «Նման պարագաներու, որեւէ հաւաքականութիւն, նոյնիսկ եթէ ոչ մէկ բանի խառնուելով գոհանայ լոկ իր հանդիսատեսի դերով, ձեւով մը ան ալ«գործուող յանցանքին մասնակից կը դառնայ…», մինչ շատեր այսպէս թէ այնպէս դեռ մասնակից ալ դարձած են…

Այս հողերուն վրայ հարիւր տարի առաջ գործուած այդ մեծ յանցանքն ալ, իր հանդիսատեսներու  «ականատեսի վկայութիւններով» չսահմանափակուեցաւ, այդ «մեծ մեղքը», հետագային գործուած բոլոր «մեծ մեղքերուն» նման, իր հանդիսատեսները այդ «յանցանքը գործելու մասնակից» դարձուց , եւ վերջապէս զուլում ընող անխիղճ-անօրէնին գործած բոլոր մեղքերը, հասարակութեան մտայնութեան մէջ «յանցանք» ըլլալէ դադրեցան, այսինքն սովորական եւ օրինական եղելութիւն համարուելով, «յանցանքը` աւանդոյթ-սովորոյթ» դարձաւ: Հետեւաբար պէտք է ըսել, որ այս բոլորին մէջ, աւանդական մեղքի մը մեղսակից ենք … եւ զուլում ընող դաժանը` այս  մեղսակցութենէն է, որ կը սնանի եւ ուժ կը ստանայ… Ահա այս պատճառով է, որ կ՛ըսեմ` «առանց հանդիսատեսի զուլում չըլլար… », որովհետեւ չարիքին հեղինակները միշտ ալ կ՛ուզեն, որ հանդիսատեսը լռութիւն պահէ: Իրականութիւնն ու արդարութիւնը` չարագործները սարսափի մատնող ամէնէն սոսկալի ազդակներն են, այս պատճառով իրենց մեքանիզմի բովանդակ գործօններու  տարողութեամբ, իրենց կառոյցները կը հիմնեն իրականութիւնը ծածկող գործելաձեւի մը վրայ…:

«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ի՞նչ են ձեր սպասումները պաշտօնական Թուրքիայէն:

Ֆ. Չ.- Անձնապէս շատ կը փափաքիմ, որ Թուրքիոյ Պետութիւնը, նախ եւ առաջ, ամբողջութեամբ հրաժարելով իր ժխտումի քաղաքականութենէն, ընդունի իրականութիւնը, առերեսուի այդ իրականութեան հետ, ներում հայցէ եւ վերջ դնէ արդարութիւնը կանխարգիլող իր մեքանիզմի բաղկացուցիչ գործօններու շրջանառութեան :

Անշուշտ չենք կրնար անցեալը փոխել եւ կատարուածները չկատարուած համարել… չենք կրնար անցեալի ցաւերը ամոքել, սակայն նուազագոյնը` կրնանք ցեղասպանութեան մեղքին յաջորդած եւ անոր շարունակութիւնը եղող ժխտումի եւ ուրացումի քաղաքականութեան վերջ մը դնել…

Պետութեան պատկան մարմիններէն կը պահանջեմ, որ ազատագրուին ամօթի այս զգացումէն, անոնցմէ կը պահանջեմ, որ մեզ բոլորս, այսինքն այս երկրին քաղաքացիները ազատագրեն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող պետութեան մը քաղաքացիները եղած ըլլալու խիպ ու ամօթէն…

Համոզուած եմ նաեւ, որ պետութիւնները քայլ առնելու մղողները ժողովուրդներն են: Ժողովուրդներն ու իրենց խիղճը երաշխիք են ո՛չ միայն անցեալին հետ առերեսուելու, այլ այս հողերուն վրայ, անգամ մըն ալ նման ամօթներ չապրելու…:

 

Հալէպ, դեկտեմբեր 2013 

Share this Article
CATEGORIES