Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Պէյրութի Դրամատուն 3-րդ Մրցումը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 18 յունուարին. մրցումին ընթացքին տիտղոսակիր Սատաքա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութի դրամատունը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 15:30-ին:
Անոնց միջեւ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կազմ արձանագրած է յաղթանակ մը:
Կը կարծուի, որ մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ Սատաքա` նկատի ունենալով, որ Ալի Թանիշ եւ Մոհամետ Իսքանտարանի կախակայուած են:
CATEGORIES Մարզական

