Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Վեհափառ հայրապետը եւ դոկտ. Կոթֆրիտ Լոշըր

Դոկտ. Օլաֆ Թուէյթ եւ վեհափառ հայրապետը

Ժընեւ ժամանման առաջին իսկ օրը, վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաֆ Թուէյթի` Միջին Արեւելքի պատասխանատուին հետ միասին: Անոնք ունեցան երկար հանդիպում մը, որուն ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին գծով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ծրագրած համագումարը, որուն պատրաստութեան ընթացքին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւոր դեր ունեցաւ:

Այս առիթով, անոնք նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործունէութեան կարգ մը մարզերուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը իր ունեցած միջեկեղեցական լայն փորձառութեան լոյսին տակ կարգ մը մատնանշումներ ու թելադրութիւններ կատարեց:

Share this Article
CATEGORIES