Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Ամանորեան Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանք` Լիբանանահայ Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն Համար

khtakhjankԿազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, ըստ աւանդութեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով երէկ` ուրբաթ, 17 յունուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն համար:

Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Հայ տարեցներու տարի»` նկատի ունենալով հայ տարեցներուն յոյժ կարեւոր դերը եւ անոնց նկատմամբ մեր ունեցած սէրն ու յարգանքը: Ս. Ադամեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրին առաջնահերթ պարտականութիւնն է տարեցներուն նկատմամբ ցուցաբերել անհրաժեշտ հոգածութիւն, սէր ու յարգանք, «որովհետեւ դուք մեր յոյսի ու լոյսի ռահվիրաներն էք, մենք ձեր հաւատքով ու կամքով կը յարատեւենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նոր սերունդը շատ բան ունի սորվելիք տարեցներէն:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, ՀԲԸՄ Լ. Նազարեան վարժարանի եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի պարախումբերը:

Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Գէորգ վրդ. Եղիայեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բարեսիրական միութիւններուն, որոնք կը հոգան կարօտեալներուն եւ տարեցներուն պէտքերը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր կարգին շեշտեց, որ մեր երէցները մեր պատիւն են եւ անոնք չեն պատկանիր միայն մեր անցեալին, այլեւ անքակտելի մասը կը կազմեն մեր ներկային ու ապագային: «Կ՛աղօթեմ, որ մեր երէցները վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ արժանանան մեր հաւաքական խորին գուրգուրանքին ու աջակցութեան», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Յայտագիրը ճոխացուց երգիչ Արարատ Ահարոնեան` նուագի ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի:

Յայտնենք, որ բոլոր ներկաները ստացան նուէրներ` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES