Սքայփի Միջոցով Հանդիպում` «Ազդակ»-ի «Քննական Ոսպնեակ» Խմբակի Անդամներուն Եւ Կիրօ Մանոյեանի Միջեւ
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակի անդամները սքայփով հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր խմբակի կազմած ծրագիրին` քրտական հարցի ներկայ դրսեւորումներն ու հայ-քրտական յարաբերութիւնները ուսումնասիրելու եւ անոնց մասին իրազեկուելու գծով:
Հեռակապով մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Կիրօ Մանոյեան մանրամասն խօսեցաւ մանաւանդ անցեալ տարուան ընթացքին Ուաշինկթընի եւ Պոլսոյ մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան միջեւ տեղի ունեցած բարձրաստիճան զոյգ հանդիպումներուն մասին, անդրադարձ կատարեց քրտական հարցի տարբեր հոլովոյթներուն, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւններու հաւանական հեռանկարներուն մասին: Մանոյեան նաեւ պատասխանեց այս հարցերուն շուրջ խմբակի անդամներուն հարցումներուն:

