ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Ճատրակի Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 19 յունուարին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարքը:
Մասնակցող բոլոր աշակերտները պարտին յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 13:00-ին ներկայ ըլլալ «Սիրան Մանուկեան» սրահ` վերջին ստուգումի համար եւ բնականաբար դիւրացնելու համար կազմակերպիչներուն աշխատանքը:
Մրցումները պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)
CATEGORIES Մարզական

