Լեհերը Օշուիցի Ճամբարին Համար Փոխհատուցում Կը Պահանջեն

Auschwitz«Եուրօմակ» կը հաղորդէ, որ նացիներուն կողմէ Օշուիցի մէջ համակեդրոնացման ճամբարի կառուցման պատճառով իրենց կալուածները կորսնցուցած լեհերը փոխհատուցում կը պահանջեն:

Շուրջ 300 ընտանիքներ, որոնք նախապէս իրենց կորսնցուցած տուներուն եւ հողատարածքներուն համար Գերմանիոյ իշխանութիւններէն փոխհատուցում չեն պահանջած, այժմ դիմած են լեհական կառավարութեան` պահանջելով, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի 13 հազար տոլար վճարէ:

Կառավարութեան դիմածներուն մեծ մասը տարեցներ են, որոնք կը նշեն, որ իրենք դեղեր գնելու համար բաւարար միջոցներ չունին:

 

Share this Article
CATEGORIES