Թուրքիոյ Մէջ Նոր Նշանակուած Դատախազները Չեղեալ Յայտարարած Են Էրտողանի Որդիին Եւ Միւսներուն Դէմ Ձերբակալման Որոշումները
Թուրք նոր նշանակուած դատախազները չեղեալ յայտարարած են Թուրքիոյ մէջ «Մեծ կաշառք» գործողութեան 2-րդ փուլին ընթացքին 45 կասկածեալի դէմ արձակուած ձերբակալման որոշումները:
Թրքական «Սէօզճիւ» թերթը կը հաղորդէ, որ 17 դեկտեմբեր 2013-ին «Մեծ կաշառք» գործողութեան սկսած դատախազներու հեռացուելէն ետք, անոնց տեղ նշանակուած դատախազները չեղեալ յայտարարած են «Մեծ կաշառք»-ի 2-րդ փուլին ընթացքին 45 կասկածեալի դէմ նախորդ դատախազներուն արձակած ձերբակալման որոշումները:
Ձերբակալման որոշումներ եղած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պիլալ Էրտողանի դէմ: Թէեւ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ հերքած էր Էրտողանի որդիին նկատմամբ ձերբակալման որոշումին մասին տեղեկութիւնը:
«Մեծ կաշառք» գործողութեան 2-րդ փուլը սկսած էր 25 դեկտեմբեր 2013-ին, սակայն այդ ժամանակ իշխանութիւնները բազմաթիւ ոստիկաններ եւ դատախազներ աշխատանքէ կը հեռացնէին, որուն պատճառով ալ ձերբակալութիւններն ու խուզարկութիւնները տեղի չեն ունեցած:

