«Ժընեւ-2»-ի Նպատակը Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարն Ու Արիւնահեղութեան Դադրեցումն Է» Ըսաւ Լաւրով

Մոալլեմ եւ Լաւրով

Մոալլեմ եւ Լաւրով

Երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը շատոնց «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու համաձայն գտնուեցաւ»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը տակաւին խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան հարցը չէ վճռած` նշելով, որ «Արեւմուտքը իր աշխատանքը կեդրոնացուց արտասահմանի ընդդիմութիւնը եւ ոչ թէ ներքին ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան կարեւորութեան համոզելու վրայ»:

Լաւրով ըսաւ, որ «սուրիացի ժողովուրդը դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ, եւ Ռուսիա Ժընեւի մէջ քաղաքական հոլովոյթը պիտի քաջալերէ եւ տնտեսական օժանդակութիւններ տրամադրէ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը դիտաւորեալ կերպով քաղաքային հաստատութիւնները ռմբակոծելու յանցանքով ամբաստանելը համոզիչ փաստերու կը կարօտի»` աւելցնելով, որ «Դամասկոսը քիմիական զէնքի օգտագործումի յանցանքով ամբաստանելը ճիշդ չէ, ատիկա Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութիւն կատարելու պատրուակ մըն է»:

Ան ընդգծեց, որ «Ժընեւ-2»-ի նպատակը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու արիւնահեղութեան դադրեցումն է»:

Նշենք, որ Մասաչուսեց համալսարանէն փորձագէտներ երէկ զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումին հետ որեւէ կապ չունի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ ռուսական կողմին փոխանցած է սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակեալները զինեալ խմբաւորումներուն մօտ գտնուող առեւանգեալներու հետ փոխանակելու Սուրիոյ կառավարութեան սկզբունքային համաձայնութիւնը:

«Քննարկեցինք Հալէպի շրջանին վերաբերեալ ապահովական ծրագիր մը` այդտեղ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար», ըսաւ Մոալլեմ:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը սուրիացիներուն միջեւ, առանց որեւէ պետութեան կողմէ արտաքին միջամտութեան, երկխօսութիւն կատարելու հիմք պէտք է ծառայէ»:

Ան նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքերու փոխադրման եւ ոչնչացման համար ամէն օր Ռուսիոյ հետ համակարգում կը կատարէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը պէտք է Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման հասնի, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքին վերջնականապէս վերջ տալ եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները փոխադրող կարաւանները ժողովուրդին հասցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES