Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ այս տարի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ազրպէյճան:
Ազրպէյճանի նախագահին հրաւէրով Ազրպէյճան այցելելու մտադրութեան մասին Հոլլանտ յայտնած է Էլիզէ պալատին մէջ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Հոլլանտ պիտի այցելէ Հայաստան: Այդ այցելութիւնը, հաւանաբար, տեղի ունենայ մայիսին:
Հոլլանտ մտադիր է նաեւ այցելելու Թուրքիա: Այդ այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցերու նախաձեռնելու մասին յայտարարած են ֆրանսահայերը:
CATEGORIES Միջազգային

