«Բանակը Բոլոր Մարտահրաւէրները Պիտի Դիմագրաւէ, Որպէսզի Լիբանանը Շրջանային Տագնապի Կռուախնձոր Չդառնայ» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Զօր. Քահուաժի իր խօսքը կ՛ուղղէ զինուորական կցորդներուն
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ իրենք լիբանանցիներուն խոստացած են դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները եւ վտանգները, յանձնառու մնալ երկրին օրէնքներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանել սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրով ամրապնդուած անոր յառաջաբանը:
«Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը հաստատէ, որ ազգային համերաշխութիւնն ու համակեցութիւնը Լիբանանի կերտման հիմնասիւներն են: Մենք անշեղ կը մնանք սահմանադրութենէն, հակառակ մեր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն: Մենք կը պաշտպանենք Լիբանանն ու անոր ազգային համերաշխութիւնը, լիբանանեան բանակը կը ներկայացնենք իբրեւ յաջող տիպար մը` երկրին օրէնքները յարգելու առումով»:
Զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած պայքարին աջակցելու առումով:
«Բանակին նկատմամբ ձեր զօրակցութիւնը կը հաստատէ մեզի հանդէպ ձեր վստահութիւնը», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի Լիբանանը շրջանային տագնապներու կռուախնձորի մը չվերածուի:

