Միջազգային Դատական Ատեանը Դատավարութիւնները Կը Շարունակէ, Իսկ Հարիրի Հըզպալլայի Հետ Կառավարութիւն Կազմելու Համաձայնութիւն Կը Յայտնէ

HARIRI_TRIALԼիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ շարունակեց ամբաստանեալներուն բացակայութեան կատարուող դատավարութիւնները:

Դատավարութիւնները, որոնք կը միտին քողազերծել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերն ու ճշմարտութիւնը, մանրամասնօրէն ներկայացուցին ամբաստանեալներուն կողմէ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց շարժումները:

Հարիրիի սպանութեան ամբաստանեալներէն Սելիմ Այեաշի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն կարելի եղած է բացայայտել, որ Հարիրիի շքախումբը թիրախ դարձնելու համար օգտագործուած փոխադրակառքը գնուած է Թրիփոլիէն:

Դատավարութիւններուն ընթացքին նշուեցաւ, որ Ապու Ատաս օգտագործուած է իբրեւ պատճառաբանութիւն` իսկական յանցագործներուն ուղղուած ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով:

Միւս կողմէ, ամբաստանեալներուն պաշտպան փաստաբանները երէկ երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեցին, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ցարդ ներկայացուած փաստերը տեսական են եւ ոչ թէ շօշափելի ապացոյցներ:

Նշենք, որ դատավարութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ երկուշաբթի օր:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց Հըզպալլայի կողքին մաս կազմելու Լիբանանի ազգային միասնականութեան նոր կառավարութեան, որովհետեւ Հըզպալլա քաղաքական կուսակցութիւն է:

«Ես շատ լաւատես եմ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան իմաստով», ըսաւ Հարիրի:

Ան նշեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի համար լաւ բան մըն է եւ կ՛օժանդակէ երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդման:

Հարիրի շեշտեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու առումով ինք Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ զիջումներ չէ կատարած:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր տալիք վճիռներուն` Հարիրի յայտնեց, որ ամբաստանեալը անմեղ կը մնայ, մինչեւ որ դատապարտուի:

«Մենք գիտենք, որ այս է դէպքերուն սովորական ընթացքը, եւ ի վերջոյ Հըզպալլան քաղաքական կուսակցութիւն է եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ այլոց հետ հսկայ դաշինքներ ունի: Իսկ մենք կը փորձենք Լիբանանին իշխանութիւնը ուրիշներուն հետ ստանձնել եւ ոչ ոք իշխանութենէ հեռու պահել, երբ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն եւ լուրջ հարցեր»:

Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է` աւելցնելով, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը փաստ մըն է, որ Լիբանանի մէջ պատիժէն կարելի չէ փախուստ տալ: «Դատավարութիւնները կրնան ժամանակ խլել, սակայն Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքի աւարտին յանցագործները կարելի պիտի ըլլայ ձերբակալել եւ պատժել», աւելցուց ան:

Հարիրի հաստատեց, որ ինք Պէյրութ պիտի վերադառնայ, հակառակ անոր որ տակաւին Լիբանանի մէջ ապահովական լուրջ հարցեր կան:

Պատկերասփռուած այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ իր հայրը սիւննի ըլլալուն համար չէ սպաննուած, այլ` լիբանանցի ազգային եւ չափաւորական անձնաւորութիւն մը ըլլալուն համար:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկացի դեսպան Տէյվիտ Հէյլ Ֆրանսայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Հարիրիի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES