Արսալը Եւ Պեքաայի Այլ Շրջաններ` Ռմբակոծումի Թիրախ

ArsalՊեքաայի Արսալ գիւղաքաղաքը երէկ ենթարկուեցաւ ռմբակոծումի` Սուրիոյ կողմէ Լիբանանի դէմ արձակուած հրթիռներուն իբրեւ հետեւանք:

Ռմբակոծումը պատճառեց 7 զոհեր, որոնք բոլորը պատանիներ են, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց 15 ուրիշներ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 10:45-12:00 Ռաս Պաալպեք, Քուեխ, Պուայտա-Հերմել, Մաշարիհ Քահ եւ Արսալ ռմբակոծումի ենթարկուած են:

Նշեալ շրջանները թիրախ դարձած են 20 հրթիռներու, որոնք Սուրիայէն արձակուած են:

Ըստ հաղորդագրութեան, ռմբակոծումը պատճառած է մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ վեց հրթիռներ Արսալը թիրախ դարձուցած են` շեշտելով, որ այդ հրթիռները արձակուած են լիբանանեան հողերէն:

Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալը թիրախ դարձուցած հրթիռները Հըզպալլայի կողմէ ուղղակի պատգամներ են:

Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ռաս Պաալպեքի մէջ ինկած ռումբերը Արսալէն արձակուած են:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ ռմբակոծումը թիրախ դարձուցած է նաեւ Լապուէ եւ Զպուտ գիւղաքաղաքները` նշելով նաեւ, որ սուրիական օդուժը ռմբակոծած է նաեւ Ժուսի շրջանը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման զգուշացուց Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն` շեշտելով, որ պէտք է վերջ տալ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու քայլերուն, որովհետեւ անիկա արդէն իսկ սկսած է վնասել երկրին ազգային համերաշխութեան:

Նախագահ Սլէյման զինուորական պատասխանատուներէն պահանջեց դիմել բոլոր միջոցներուն` պաշտպանելու համար Սուրիոյ սահմանամերձ գիւղաքաղաքները, որոնք երէկ ենթարկուեցան ռմբակոծումի եւ տուին զոհեր ու վիրաւորներ:

«Լիբանանեան բոլոր շրջաններն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պահպանելը առաջնահերթութիւն է», ըսաւ ան` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Արսալի միջադէպը եւ լիբանանեան բանակէն պահանջեց դիմել համապատասխան քայլերու:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Արսալը թիրախ դարձնելը կը միտի լիբանանցիներուն միջեւ գրգռութիւններ հրահրել:

Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ եւ շեշտեց, որ Արսալի միջադէպին առնչութեամբ պէտք է հետաքննութիւն բանալ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Սլէյմանի, Միքաթիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Արսալի զոհերը ազատութեան նահատակներ են` աւելցնելով, որ այդ հարցը կարելի է լուծել լիբանանեան բանակն ու միջազգային ուժերը Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ տեղակայելով:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց Արսալի ռմբակոծումը` զայն նկատելով վտանգաւոր նախանշան մը, որուն նպատակն է Լիբանանի դէմ սադրանքներ նախապատրաստել:

Ան ցաւ յայտնեց ռմբակոծումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Share this Article
CATEGORIES