«Եթէ Քաղաքական Ուժերը Կամենան, Ապա Կարելի Է Կառավարութիւնը Կազմել Եւ Անոր Աշխատանքային Ծրագիրը Մշակել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Հուրիյա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակին:
Հերմելը թիրախ դարձուցած պայթումին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ անձնական հանգամանքով խստիւ դատապարտեց գործուած ահաբեկչութիւնը, ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` բոլոր վիրաւորներուն:
«Թէեւ դատապարտումի եւ ցաւակցութեան այս յայտարարութիւնները միշտ ալ կան, սակայն ցաւալին այն է, որ կացութենէն ոչինչ փոխուած է: Իրականութեան մէջ պետութիւնը բացակայ է, ազգային միասնականութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ ազգային համակեցութեան սկզբունքը եւ ուրիշը յարգելու կամքը կը պակսի լիբանանցիին: Այս իրականութիւնը միայն իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեան չի վերաբերիր, այլեւ` միջիսլամական եւ միջքրիստոնէական իրավիճակին», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող երկփեղկումն ու լարուածութիւնը իսլամին կամ քրիստոնեային միջեւ խտրութիւն չի դներ:
«Հերմելը, որ Իսրայէլի դիմադրող ամրոց մը կը նկատուի, իսկ մայրաքաղաք Պէյրութը, որ իր կարգին դիմադրած է Իսրայէլի, կը վճարեն սուղ տուրք մը, որով Իսրայէլ շատ ուրախ կ՛ըլլայ: Լիբանանը հարուածող ապահովական այս ցնցումները կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ պայթումներ գործող ահաբեկիչներէն եւ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներէն տասը հոգի Իսրայէլ ուղղուէին, ապա հաւասարակշռութիւնը տարբեր կ՛ըլլար եւ Իսրայէլ քանի մը անգամ կը մտածէր, նախքան պաղեստինցիները ռմբակոծելը եւ անոնց դէմ բռնարարքներ գործելը:
Պատասխանելով այն մեկնաբանութեան, թէ Լիբանանի մէջ գործուած պայթումներն ու անձնասպանական գործողութիւնները թիրախ կ՛ուզեն դարձնել շիի համայնքը` ի պաշտպանութիւն սիւննիներուն, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Իմ համոզումս այն է, թէ իսլամի մը կողմէ այլ իսլամի մը դէմ, կամ արաբի մը կողմէ այլ արաբի դէմ` ըլլայ ան իսլամ թէ քրիստոնեայ, գործուած որեւէ բռնարարք կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն: Եթէ մենք 1947-էն ի վեր կարենայինք մեր ջանքերը մէկտեղել, ապա կանխարգիլած կ՛ըլլայինք միջարաբական երկփեղկումներն ու բաժանումները եւ պահպանած` Պաղեստինի մէջ մեր իրաւունքները, թէ՛ իբրեւ քրիստոնեաներ եւ թէ՛ իբրեւ իսլամներ»:
Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութիւնը իր կարգին ծառայած է Իսրայէլի շահերուն, որովհետեւ անիկա խորացուցած է իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ երկփեղկումը: «Որովհետեւ ի վերջոյ Իսրայէլի նպատակը շրջանին մասնատումն է, շրջանին բնական հարստութիւններուն եւ կարողութիւններուն իւրացումն է», աւելցուց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հըզպալլան պատասխանատու չէ՞ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուած պայթումներուն, Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Հըզպալլա պէտք է պատասխանատու ըլլայ այդ գործողութիւններուն, ջրելով այն պատճառաբանութիւնը, թէ շիի համայնքն ու շիիական շրջանները թիրախ դարձնող պայթումները եւ սպանութիւնները հետեւանք են Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութեան:
«Ահաբեկչութիւնը կրօնի մը կամ յարանուանութեան մը չի պատկանիր, ինչպէս նաեւ վեհ նպատակ մը չի հետապնդեր: Ահաբեկչութիւնը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ եւ դժբախտաբար այլոց շահերուն ծառայելու եւ շրջանը բաժնելու միջոց մըն է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը պայթումներուն հետ պէտք չէ կապել, որովհետեւ կառավարութեան կազմութենէն ետք այդ պայթումները կրնան շարունակուիլ:
«Կառավարութիւնը կազմող իշխանութեան պետերն ու քաղաքական ղեկավարութիւնները ահաբեկչութեան հետ կապ չունին: Սակայն եթէ կառավարութիւն կազմուի, երկրին կացութիւնը աւելի ապահով պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ապահովական մարմինները յաւելեալ աշխատանք պիտի ունենան, իսկ նախարարը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նախարար մը պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց ապահովական մարմիններուն իրարու հետ գործակցելու` ձերբակալել կարենալու համար բոլոր յանցագործները, ինչպէս նաեւ բացայայտելու համար ականուած բոլոր ինքնաշարժները, եւ ոչ թէ մրցակցութիւն կատարելու եւ իրարու գերազանցել փորձելու:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ երկրին մէջ տիրող լարուածութեան պատասխանատուները քաղաքական անձնաւորութիւններն են, որոնք մնայուն կերպով իրարու կը վարկաբեկեն եւ մթնոլորտը կ՛ելեկտրականացնեն:
«Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը քաջալերող մթնոլորտ մը կայ եւ այդ մթնոլորտը իբրեւ առաջին քայլ ի յայտ եկած է բանակին դէմ գործուած յարձակումներով», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ օտար երկիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատարմութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին մէջ ներկայացող երեւոյթ մըն է, որ շատոնց ձախող դուրս եկած է:
Շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը քաջալերելու առումով Սէուտական Արաբիոյ դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ատիկա կարելի չէ Սէուտական Արաբիոյ պետութեան վերագրել, սակայն թերեւս կան սէուտական որոշ կողմեր, որոնք նման արարքներ կը գործեն:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախապէս Սէուտական Արաբիա կը մերժէր կառավարութեան Հըզպալլայի մասնակցութիւնը, սակայն ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի Ռիատ այցելութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ այդ նախապայմանը ջնջուած է:
«Բայց եւ այնպէս ցաւը կը մնայ այն, որ Սէուտական Արաբիա, Իրան եւ այլ պետութիւններ իրենց խօսքն ու հեղինակութիւնը պիտի ունենան` ճնշում բանեցնելու այս կամ այն քաղաքական ուժին վրայ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք լաւատես է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթով, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ: Ան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ հարց կը տեսնէ, որ կառավարութիւնը կազմուի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կայացումէն ետք` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Լիբանանը ներկայացուցած բոլոր առիթներուն ընթացքին իր կեցուածքները համադրած է հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ իրեն համար ուժային նախարարութիւններու եւ երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող նախարարութիւններու յղացքը եւ անոնց յատկացումը` գլխաւոր համայնքներու կամ համայնքներու մնացորդացին, մեծագոյն սխալն է:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ըլլայ քաղաքական կառավարութիւն եւ ոչ թէ կատարուած իրողութեան կամ չէզոք կառավարութիւն` աւելցնելով, որ նախ եւ առաջ կարելի է կազմել կառավարութիւնը եւ ապա մշակել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը: «Եթէ քաղաքական կողմերուն մօտ կամք եւ կորով կայ կառավարութիւն կազմելու, ապա անոնք կրնան նաեւ մշակել աշխատանքային ծրագիրը, որովհետեւ արաբերէնը հարուստ լեզու է: Իսկ եթէ աշխատանքային ծրագիրին շուրջ տարակարծութիւնը խուսանաւում է, կամ յաւելեալ նախարարութիւններ երաշխաւորելու ձեւ մը, ապա անիկա այլ հարց է արդէն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երկրին անիշխանութեան մատնուելուն վերաբերող մտահոգութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին: «Անիշխանութեան մտահոգութիւնը կայ, բայց անիշխանութիւնը Լիբանանի վերջը չէ, սակայն եթէ կրցանք կառավարութիւն կազմել, ապա 25 մայիսէն առաջ նախագահական ընտրութեան հաւանականութիւնը կը մեծնայ», ըսաւ ան:
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ կարեւորագոյնը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտելն է` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը համաձայն է սպանութեան պատասխանատուները դատավարութեան կանչելու, պայմանաւ որ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը չքաղաքականացուի եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը մնայ անձեռնմխելի:

