Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ժողովի Կրթական Յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասաւանդելու Օրինագիծ Որդեգրած Է

Ատրին Նազարեան

Ատրին Նազարեան

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի կրթական յանձնախումբը` շարունակելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ հանդէս գալ, չորեքշաբթի օր միաձայնութեամբ ընդունած է «Էյ.Պի.-659» օրինագիծը:

Ասիկա նոյն կառոյցի անդամ Ատրին Նազարեանի նախաձեռնութիւնն է, որ նպատակ ունի ամրապնդել Քալիֆորնիոյ պետական դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը: Խօսքը 7-էն 12-րդ դասարաններու մասին է:

Որոշումին որդեգրումէն ետք Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին` օրինագիծի մշակման աջակցելու համար: Ան նշած է, որ այս ձեւով օրինագիծը կը մօտենայ նաեւ բուն ժողովի ամպիոնին:

Այլ գործիչներ նշած են, որ այս քայլը շատ կարեւոր էր Ցեղասպանութեան եւ պատմական անարդարութիւններու մասին բացայայտ կերպով խօսելու առումով` Հայոց ցեղասպանութեան դէմ թրքական խումբերու աշխատանքին լոյսին տակ:

Առիթը օգտագործելով` հայ գործիչները դատապարտած են գործունէութիւնը ժողովի այն անդամներուն, որոնք թրքանպաստ կողմնորոշում ունին:

 

Share this Article
CATEGORIES