Կիւլ Թուրքիոյ Դեսպաններուն Կը Թելադրէ 2015-ին Նախապատրաստուելու Աշխատանքներ Տանիլ

Ապտիւլլա Կիւլ
Realcaucasus.org կայքը` յղում կատարելով թրքական «Կոչմենիզմ» կայքէջին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ բոլոր դեսպաններուն թելադրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ:
Ան նշած է, որ պէտք է լաւ պատրաստուիլ հայերու` ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած տեղեկատուական արշաւին:
Թուրքիոյ նախագահը հրահանգած է դիւանագէտներուն ամէն ինչ ընել, որպէսզի Թուրքիան համաշխարհային հանրութեան դարձեալ դրական կերպով ներկայացուի:
«Այդ ընթացքին Թուրքիան պէտք է տնտեսապէս կայուն, փայլուն համբաւ ունեցող, ժողովրդավարական իրաւակարգով ուժեղ, եւ բարեկամութեան կարեւորութիւն տուող երկիր ըլլայ: 2014-ը նոր սկիզբ պէտք է ըլլայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու բանակցային հոլովոյթին մէջ», ըսած է Կիւլ:

