Մոսկուայի Մէջ. «Հայռուսկազարդ»-ի 20 Առ Հարիւրի Վաճառքի Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

Մովսիսեան եւ Միլլըր

Մովսիսեան եւ Միլլըր

Նախանցեալ օր երեկոյեան Մոսկուայի` «Կազփրոմ» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի ու «Կազփրոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլըրի միջեւ ստորագրուեցաւ «ՀայՌուսկազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մէջ Հայաստանի կառավարութեան պատկանող վերջին 20 առ հարիւրի բաժնեմասը «Կազփրոմ»-ին ծախելու մասին համաձայնագիրը:

«ՀայՌուսկազարդ»-ը այլեւս 100 առ հարիւր կը հանդիսանայ «Կազփրոմ»-ի դուստր ձեռնարկութիւն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «ՀայՌուսկազարդ»-ը վերանուանուած է եւ այսուհետեւ կը կոչուի «Կազփրոմ Արմենիա»:

«Այս գործարքը ամբողջովին կը համապատասխանէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական համագործակցութեան», համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք յայտարարեց Միլլըր:

 

Share this Article
CATEGORIES