Օհանեան Ղարաբաղի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Բանակի Սպայակազմին Հետ

Ohanian_ArchiveԱյս շաբաթ զինեալ ուժերու սահմանամերձ զօրամասեր կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի բանակի բոլոր կայազօրներուն մէջ եւ այնտեղ հանդիպում ունեցաւ սպայակազմին հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին նախարար Օհանեան անդրադարձաւ նախորդ բանակային տարուան ընթացքին իրականացուած հոլովոյթներու վերլուծութեան, խօսեցաւ շրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ անոնցմէ բխող ընելիքներուն մասին` յատուկ շեշտադրում կատարելով բանակի մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստութեան, սպառազինութեան եւ արհեստագիտութեան ձեռքբերման ու անոնց նպատակային շահագործման, թիկունքային ապահովման արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ շարք մը կարեւոր ուղղութիւններու վրայ:

Օհանեան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ բանակային առօրեայի ճիշդ կազմակերպման, զինուորական խումբերուն մէջ կանոնադրական եւ մարդկային փոխադարձ յարաբերութիւններու զուգորդման, անձնակազմի մարտական ոգիի յարաճուն բարձրացման եւ կարգապահութեան ամրապնդման վրայ:

Share this Article
CATEGORIES