«Հանրահաւաքը Ընկերային Եւ Քաղաքական Ուժեղ Գործօն Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան` խօսելով Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցած քննարկման արդիւնքներուն մասին, յայտնեց, որ քննարկման ընթացքին ճշգրտուած են թէ՛ այսօրուան հանրահաւաքին կազմակերպչական հարցերը, թէ՛ նաեւ այն, թէ որո՛նք ելոյթ պիտի ունենան այդ հանրահաւաքին ընթացքին: Ճշդուած է յայտարարութեան հիմնական ուղեգիծը:

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ միացեալ քննարկում կատարեցին խորհրդարանական ընդդիմադիր 4 քաղաքական ուժերը եւ «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային համակարգի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին նպատակն էր քննարկել այսօրուան հանրահաւաքի կազմակերպչական եւ բովանդակային բաղադրիչները: Մինասեան նշեց, որ հանրահաւաքին մասնակցելու առումով քաղաքական ուժերը որեւէ յատուկ հրահանգ չեն տուած իրենց համակիրներուն: Կոչ ուղղած են մասնակցելու հանրահաւաքին, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն:

Ըստ պատգամաւորին, հանրահաւաքէն ակնկալիքները մեծ են, թէ՛ մարդաշատութեան, թէ՛ ազդեցիկութեան առումով: «Հաշուի առնելով հասարակութեան վերջին շրջանին դժգոհութեան տարբեր պատճառները, ինչպէս նաեւ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի շուրջ հանրութեան լայն համախմբուածութիւնը, կը սպասենք, որ հանրահաւաքը մարդաշատ ըլլայ», ըսաւ պատգամաւորը: Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ արդեօք քաղաքապետարանը արտօնա՞ծ է հանրահաւաքը, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ այս հանրահաւաքը հրատապ հանրահաւաքներու շարքին է, որովհետեւ երբ որոշուած էր, որ պէտք է հանրահաւաք կատարել, օրէնքով նախատեսուած 7 օրուան ժամկէտէն աւելի կարճ ժամանակ ունեցած են:

Մինասեան յայտնեց, որ հանրահաւաքի արտօնուած ըլլալուն հետ խնդիրներ չկան, եւ ոստիկանութիւնը ամբողջութեամբ տեղեակ պահուած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հանրահաւաքը կրնա՞յ դառնալ քաղաքական եւ ընկերային գործօն, Մինասեան յայտնեց, որ ատիկա ոչ միայն գործօն է, այլեւ ազդակ` ուղղուած թէ՛ իշխանութիւններուն, թէ՛ հանրութեան, որ միայն պայքարի միջոցով կարելի է յառաջընթաց արձանագրել: Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ հակառակ պարագային տունը նստելով, պատերուն տակ դժգոհելով, աշխատասենեակներուն մէջ քննադատելով իշխանութեան հարցը լուծում չ՛ունենար: Ան նշեց, որ քաղաքական չորս ուժերը այսօր Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի պահանջեն կասեցնել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրումը:

 

Share this Article
CATEGORIES