Այսօրուան Հանրահաւաքին Նուիրուած Քննարկում` Ազգային Ժողովին Մէջ

ARF-AJԵրէկ Ազգային ժողովին մէջ ոչ իշխանական չորս ուժերուն եւ «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան խումբ մը ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որուն նպատակն էր յստակ դարձնել 18 յունուարին հանրահաւաքի կազմակերպչական մասը:

Այդ քննարկման կը մասնակցէին ՀՅԴ-էն պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, Ժառանգութենէն` Ռուբէն Յակոբեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն` Նայիրա Զոհրաբեան:

Այսօր «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը բոլորին կը հրաւիրէ Ազատութեան հրապարակ` մասնակցելու հաւաք-երթի, որուն նպատակներն են.

1) Անգամ մը եւս իրազեկել հանրութիւնը օրէնքի հակասահմանադրականութեան, հակաընկերային կէտերուն մասին:

2) Ցոյց տալ Հայաստանի ղեկավար մարմիններուն ժողովուրդին համախմբուածութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, պայքարելու պատրաստակամութիւնը եւ վճռակամութիւնը:

3) Սահմանադրական դատարանէն պահանջել կասեցնել, այնուհետեւ` հակասահմանադրական ճանչնալ օրէնքը:

Քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամները Ազգային ժողովին մէջ կատարուած քննարկումէն ետք «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ձեռնպահ մնացին քննարկման վերաբերեալ մանրամասնութիւններ յայտնելէ` խորհուրդ տալով սպասել այսօրուան եւ ամէն ինչ տեսնել:

Share this Article
CATEGORIES