Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր որոշած գնումները կատարեցէք առանց յետաձգելու: Օգտուեցէք օրուան գիներէն: Անպէտք առարկաներ մի՛ գնէք, հաշիւով ծախսեցէք ձեր դրամը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքին հարցերը շատ քննարկելով ոչինչ կը շահիք, կը յոգնեցնէք ձեր միտքը եւ լաւատեսութիւնը: Մնացէք խաղաղ, որպէսզի չզղջաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գիտական եւ բարեկամական շնորհներէն պիտի օգտուին ձեր շրջանակին մէջ գտնուող անձերը, երիտասարդ ըլլան թէ պատանի: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ունի յաջողելու առիթներ, ինչ կը վերաբերի ձեր պատրաստած ծրագրին: Ձեր մեծաւորները պիտի գնահատեն ձեր ջանքերը եւ գործերը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արժեւորեցէք յարգանքի արժանի անձերը, մանաւանդ` ձեզի ծանօթները: Անարժանները արհամարհեցէք, եթէ ձեր նկատմամբ կեղծ կեցուածք ունին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կատարեալին կը ձգտիք, իրաւունք ունիք այսուհանդերձ, մնացէք ձեր գիտելիքները արժեւորելու չափաւորութեան սահմանին մէջ: Կատարելագործութիւնը կու գայ ինքնին, առանց պարտադիր հետապնդումի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ զղջաք ձեր տուածին, եթէ անոնք ըստ արժանւոյն չեն գնահատուած: Կատարուած բարիքը բնաւ չի կորսուիր, ան կը վերադառնայ ձեզի անպայման:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժպտացէք, եթէ նոյնիսկ յոգնած էք ձեր առօրեայ աշխատանքով: Երբ անսովոր ոչինչ պատահած է, դժկամ մնալը կը նեղացնէ շուրջինները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբեմն կ՛ունենանք այնպիսի պահեր, երբ կը զղջաք անարժան անձի մը բարիք գործած ըլլալու համար: Այսպիսի մտածում մի՛ ունենաք, որպէսզի ժխտական անձ մը չնկատուիք ձեր շուրջիններէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երազելը միշտ լաւ է, եթէ նոյնիսկ չհասնիք ձեր երազածին: Հարկ է ունենալ նպատակ մը, որուն հասնելու ջանքերը պէտք չէ դադրեցնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ներկայութիւնը պիտի փնտռուի այսօր բարեկամական հաւաքոյթի մը ընթացքին: Առանց դժկամութեան ներկայ եղէք, սիրելի անձն էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերջին անգամ ձեր պատրաստած արուեստի գործը պիտի գովաբանուի: Ունիք շնորհներ, թաքուն ձիրքեր, արտայայտեցէք, որպէսզի լաւ ճանչնան ձեզ:

