50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1964)
Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ
Շաբաթ Օր Եւ Գիշեր Ձիւնի Փաթիլներ Տեղացին
Պէյրութի Վրայ
Լեռնային Բոլոր Ճամբաները Անգործածելի Դարձած Են
Շաբաթ օր ձիւնի փաթիլներ բազմիցս տեղացին Պէյրութի վրայ: Բայց գետին իյնալով` հալեցան: Սաստիկ ցուրտին պատճառով փողոցները գրեթէ ամայացած էին: Փողոց ելլողներն ալ մինչեւ ականջներն ու քիթը ծածկուած էին:
Մինչեւ կէսօր, արդարեւ օդակայանի օդերեւութաբանական սպասարկութեան կողմէ արձանագրուած ջերմութեան նուազագոյն աստիճանը 7-էն վար էր: Այդ պատճառով է, որ վերը կազմուած ձիւնի փաթիլներ գետին իյնալով, կը հալէին: Կէսօրէ ետք, սակայն, ջերմութեան աստիճանը հետզհետէ իջաւ եւ երեկոյեան, ժամ 18:45-ին ջերմաչափը 3 աստիճան ցոյց կու տար: Ժամ 21-ին, իջաւ 2 աստիճանի, ժամը 22:30-ին` 1 ու այդպէս ալ մնաց մինչեւ կէս գիշեր:
1959-էն ի վեր ձիւն չէր տեսնուած Պէյրութի մէջ: Այդ տարին ամբողջ գիշերը ձիւնած էր:
Ճամբաներու Վիճակը
Լեռներու վրայ ձիւնը խաւ կազմեց 600 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: Ալէյի մէջ ձիւնին խաւը տեղ տեղ հասաւ 20 սանթիմեթր թանձրութեան մը: Դամասկոսի ճամբան, Պայտարի կիրճէն, փակուած է սառոյցի պատճառով: Լեռնային բազմաթիւ այլ ճամբաներ, որոնք 900 մեթր կամ աւելի բարձրութեան վրայ կը գտնուին, նոյնպէս անգործածելի դարձած են:
Հեռաձայնային Գիծերը` Խանգարուած
Միւս կողմէ, սաստիկ հովը, որ կը փչէր շաբաթ օր, կտրեց բազմաթիւ միջ-քաղաքային հեռաձայնի գիծեր: Օրինակ, անկարելի էր հաղորդակցիլ Տահր Պայտարի ոստիկան-զօրաց կայանին ու Քսարայի դիտարանին հետ:
Լիբանանի վրայ տարածուող ցուրտին ալիքը կու գայ Ռուսիայէն եւ Կովկասէն:
Ձիւն` Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ, ձիւնեց գրեթէ ամբողջ շաբաթ օրը եւ ջերմաչափը զերոյէն վար 2 իջաւ:
Ցուրտի Ալիքը Անցաւ
Ցուրտի ալիքը, որ Ռուսիայէն եկաւ Լիբանան, երէկ առտուան առաջին ժամերուն հասաւ իր գագաթնակէտին: Պէյրութի մէջ ջերմաչափը իջաւ 1-ի, իսկ մայրիներու շրջանին մէջ` զերոյէն վար 19-ի:
Այսօրուան համար օդաչափը ցոյց կու տայ օդի զգալի բարելաւում մը եւ ջերմութեան 10 աստիճանի բարձրացում մը:
Ձիւնին պատճառով լեռնային ճամբաներու վրայ հաղորդակցութիւնները գրեթէ դադրած են: Պէյրութ-Դամասկոս ճամբան փակ է Սոֆարէն` գետինը սառ կապած ըլլալով:
Գարեգին Եւ Արտաւազդ
Ծ. Վարդապետներ Եպիսկոպոսական
Օծում Ստացան
Երէկ` կիրակի, 19 յունուար 1964, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, մեծ շուքով եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, առընթերակայութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ թեհրանահայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, խարտաւիլակութեամբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի, ուրախութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ օծեց Կիլիկիոյ միաբանութեան արժանաւոր անդամներէն Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեանն ու Արտաւազդ ծ. վրդ. Թրթրեանը:
Արարողութեանց ներկայ էին Խադ. արք. Աջապահեան, Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան, Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներ եւ քահանայ հայրեր:
Հիւրերու շարքին ներկայ էին Պօղոս Զ. պապի ներկայացուցիչներ Վիլլեպրանս եւ հայր Տուփրէ, որոնք մասնաւոր այս առաքելութեամբ մէկ օր առաջ Վատիկանէն եկած էին ներկայ գտնուելու ձեռնադրութեան, պապական նուիրակին ներկայացուցիչը, Սիրիէն կաթոլիկ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Ժարժուր եպիսկոպոս, հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Թերզեան եպիսկոպոս եւ այլ հաստատութեանց եկեղեցական ներկայացուցիչներ:
Ներկայ էին նաեւ պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին ու բակը հակառակ տիրող սաստիկ ցուրտին:
Ժամը ճիշդ իննին թափօրը կ՛իջնէ վեհարանէն դէպի մայր տաճար:
Դպրաց խումբին կը հետեւի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան մէջ վկայի դերով մասնակցողներու խումբը հետեւեալ կարգով սաղմոսացացք, դռնապանք, ընթերցողք, երդմնեցուցիչք, ջահընկալք, կիսասարկաւազունք, սարկաւագունք, քահանայք` Յուսիկ եւ Հմայեակ Ա. քահանաներ, իշխանք` Սուրէն Խանամիրեան եւ Խորէն Թահան, աղքատք` Յարութիւն Պէօյիւքեան եւ Յ. Գլըճեան:
Այս խումբին ետեւէն վեհափառ հայրապետը, պատարագիչի շքեղ զգեստաւորութեամբ, որուն ետեւէն խարտաւիլակ Սահակ սրբազանի առաջնորդութեամբ ընծայեալներ` Գարեգին եւ Արտաւազդ ծ. վարդապետներ:
Վկաներու խումբը ընծայեալներու հետ կը կանգնի տաճարին հարաւային կողմը, իսկ վեհափառ հայրապետը հիւսիսային կողմը` Ս. Երրորդութեան խորանին վրայ եւ կը կատարէ անմահ պատարագի առաջին մասը:
Արծուեդրոշմ գորգը ոտքերուն առջեւ, վեհափառը կը կատարէ ձեռնադրութեան առաջին մասը` վկայութեան եւ կոչման բաժինը:
Խարտաւիլակ Սահակ սրբազան Ս. Երրորդութեան խորանէն կը կանչէ վկայողները` կատարելու իրենց վկայութիւնը:
Այնուհետեւ, խարտաւիլակի առաջնորդութեամբ զոյգ ընծայեալները ծանրաքայլ կը յառաջանան դէպի Ս. Երորրդութեան խորան: Հարցաքննութենէ ետք ընծայեալները կը զգենուն եիմփորոն:
Թափօրի խնկարկութեամբ, վեհափառ հայրապետը կը բարձրանայ աւագ Ս. խորան, ուր ընծայեալները հաւատամքէն առաջ «Աշխարհային»-էն կը դառնան «Աստուածային»-ին:
Ս. պատարագը կը շարունակուի մինչեւ ողջոյն:
Սրբալոյս միւռոնի հեղումէն ետք վեհափառը կ՛օծէ ճակատն ու աջը ընծայեալներուն եւ կու տայ եպիսկոպոսական խոյր, գաւազան մատանի եւ աւետարան:
Վեհափառը ուրախ սրտով եւ գոհուակութեամբ կը քարոզէ տալով կենսագրական գիծերն ու արժանիքները նորապսակ եպիսկոպոսներուն:
Ապա Ս. պատարագը կը շարունակուի մեծ հանդիսութեամբ եւ սքանչելի երգեցողութեամբ` «Կոմիտաս» երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:
Վեհափառի աջին եւ ձախին եպիսկոպոսական հանդերձանքով կը կենան նորաօծ սրբազանները:
Յաւարտ Ս. պատարագի, թափօրով վեհափառ հայրապետը կ՛առաջնորդուի վեհարան: Երգեցիկ խումբը կ՛երգէ «Կիլիկիա» երգը: Ամէն ոք ուրախ է: Վեհը կու տայ իր վերջին օրհնութիւնը եւ կը կախէ պանակէն` նորաօծ եպիսկոպոսներու վիզէն:
Վիլլէպրանս ֆրանսերէն լեզուով ուղերձ մը կը կարդայ եւ ընդհանուր ծափերու մէջ նորապսակ եպիսկոպոսներու կը յանձնէ պապին նուիրած մետալները:
Վեհը կը յայտնէ իր շնորհակալութեան խօսքը: խաչիկ Պապիկեան կը թարգմանէ ֆրանսերէնի: Այնուհետեւ տեղի կ՛ունենայ աջահամբոյր եւ շնորհաւորութիւն:

