Թուային Ժամանակներու Մէջ. Կանաչապատ Տարածքներու Դրական Ներգործութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մինչ քաղաքները կ՛ընդարձակուին, զբօսայգիները դարձած են այն վայրը, ուր կը պահպանուի բնութեան զգացողութիւն մը:
Բրիտանացի ուսումնասիրողներու համաձայն, քաղաքի մը մէջ դէպի կանաչապատ շրջան մը փոխադրուիլը շատ աւելի երկարատեւ հանգստութիւն կը պարգեւէ մարդոց, քան` աշխատավարձի յաւելումը կամ պաշտօնի բարձրացումը, որոնց ազդեցութիւնը աւելի կարճատեւ է:
Ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, թէ քաղաքային շրջաններու մէջ լաւորակ զբօսայգիները կը նպաստեն հանրային առողջութեան:
Անոնց յայտնաբերումներուն մասին տեղեկագիր մը լոյս տեսած է «Ինվայրընմենթըլ Սայընս էնտ Թեքնոլոճի» թերթին մէջ:
Տեղեկագիրին հեղինակներէն` Մաթիւ Ուայթ, որ կը պաշտօնավարէ Էքսեթըրի համալսարանին Միջավայրի եւ մարդկային առողջութեան եւրոպական կեդրոնին մէջ, կը բացատրէ, թէ ուսումնասիրութեան ընթացքին քաղաքային կանաչապատ տարածքներու բնակիչները անձկութեան եւ ընկճուածութեան շատ աւելի թեթեւ նշաններ ցոյց տուած են:
«Սակայն չէինք գիտեր, թէ որքա՛ն երկարատեւ էր կանաչապատ տարածքի մը ներգործութեան տեւողութիւնը», կ՛ըսէ ան:
«Լաւ զգալու բազմաթիւ պատճառներ կրնային գոյութիւն ունենալ: Մարդիկ տարբեր միջոցներու կը դիմեն ուրախ զգալու համար. անոնք կը ձգտին պաշտօնի բարձրացումի, աշխատավարձի յաւելումի, նոյնիսկ կը մտածեն ամուսնանալ` աւելի ուրախ զգալու համար»:
«Սակայն հարցը այն է, թէ նման միջոցներու դիմելէ 6 ամիս կամ մէկ տարի ետք անոնք կը վերադառնան իրենց անհանգիստ վիճակին: Հետեւաբար ազդեցութիւնը երկար չի գոյատեւեր եւ յարատեւ ուրախութիւն չի պարգեւեր»:
«Ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք վիճակահանութեան տոմսեր շահած անձերու վրայ, որոնք տիրացած էին աւելի քան 500 հազար փաունտի, եւ նկատեցինք, թէ 6 ամիս ետք անոնք վերադարձած էին իրենց ընկճուած վիճակին»:
Ուայթի գլխաւորած ուսումնասիրողներու խումբը որոշած է ի յայտ բերել, թէ արդեօք կանաչապատ տարածքները դրական յարատեւ ներգործութիւն մը ունի՞ն մարդոց լաւ զգալու տրամադրութեան վրայ, թէ՞ անոնց ներգործութիւնը եւս կ՛անհետանայ որոշ ժամանակէ մը ետք:
Ուսումնասիրողները օգտագործած են 1991-էն ի վեր Էսեքսի համալսարանին կողմէ կատարուող «Անտըրստենտինկ սոսայըթի» վիճակագրական ուսումնասիրութեան արդիւնքները:
«Հսկայածաւալ այս վիճակագրութիւնը, որ կ՛ուսումնասիրէ բրիտանացիներուն կեանքը եւ կ՛ընդգրկէ տարին շուրջ 40 հազար ընտանիք, հիմնուած է մանրամասն հարցարանի մը վրայ, որուն մաս կը կազմեն եկամուտի, ամուսնական վիճակի եւ այլ երեւոյթներու վերաբերող հարցումներ», կ՛ըսէ Ուայթ:

Բրիտանիոյ մէջ կը տիրէ այն մտավախութիւնը, թէ վիքթորեան ժամանակներէն ժառանգ մնացած կանաչապատ տարածքները պիտի անհետանան պիւտճէական սեղմումներու պատճառով:
«Անիկա նաեւ կը պարունակէ ընդհանուր առողջութեան վերաբերող հարցարան մը, որ կը գործածուի բժիշկներու եւ հոգեբուժներու կողմէ` ախտաճանաչելու համար ընկճուածութեան եւ հոգեկան խանգարումի վիճակներ»:
Արժեւորելով ուսումնասիրութեան ի յայտ բերած տուեալները, Ուայթ կ՛ըսէ. «Նկատեցինք, թէ կանաչապատ տարածքներ տեղափոխուելէ նոյնիսկ մինչեւ երեք տարի ետք մարդիկ մտային շատ աւելի առողջ վիճակ մը ունէին: Այնպիսի լաւ վիճակ մը, զոր կարելի չէ բաղդատել մեզ ուրախացնող այլ միջոցներով ստեղծուած վիճակներու հետ»:
Ուայթի գլխաւորած խմբակը յաւելեալ գումարներ ստանալու դիմում ներկայացուցած է շարունակելու համար ուսումնասիրութիւնը եւ քննելու տարբեր շրջաններու մէջ ամուսնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` ամուսնալուծումի համեմատութիւններու եւ գոհունակութեան մակարդակներու տարբերութիւնները:
«Ապացոյցները կը հաստատեն, թէ կանաչապատ տարածքներու մէջ բնակող անձեր նուազ կը տառապին հոգեկան լարուածութենէ, իսկ երբ նուազ լարուած ենք, աւելի հակամէտ ենք կայացնելու զգաստ որոշումներ եւ աւելի լաւ հաղորդակցելու մեր շրջապատին հետ», կ՛ըսէ Ուայթ:
«Չեմ ըսեր, թէ ասիկա կախարդական դեղահատ մըն է, որ կը բուժէ ամուսնական բոլոր հարցերը: Անշո՛ւշտ այդպէս չէ: Սակայն հաւանաբար այն գործօնն է, որ կը շարժէ նժարը եւ զայն կ՛ուղղէ դէպի աւելի զգաստ որոշումներ կայացնելու եւ աւելի խելահաս երկխօսութիւններ զարգացնելու կողմը»:
Մինչ հետզհետէ կը բազմանան մարդկային ընդհանուր բարօրութեան եւ քաղաքային կանաչապատ տարածքներու դրական ներգործութեան միջեւ կապ մը հաստատող ապացոյցները, անդին` կը սրի հանրային քաղաքականութիւն մշակող պատասխանատուներու հետաքրքրութիւնը անոնց նկատմամբ:
«Սակայն հարցը այն է, թէ ո՛վ նիւթապէս պիտի օժանդակէ մեզի», կ՛ըսէ Ուայթ:
«Օրինակ, կենսոլորտի եւ միջավայրի պատասխանատուներ կ՛ըսեն. եթէ կանաչապատ տարածքներու ներգործութիւնը այսքան բարենպաստ է մարդոց առողջութեան վրայ, ապա առողջապահութեան սպասարկութիւնները պէտք չէ՞ նիւթապէս օժանդակեն այս երեւոյթը ուսումնասիրելու աշխատանքներուն»:
«Հետեւաբար շատեր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, սակայն պէտք է որոշումներ կայացուին քաղաքականութիւն ճշդելու մակարդակին վրայ, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՞վ գումարներ պիտի յատկացնէ եւ զօրակցի կանաչապատ որակաւոր տարածքները բազմացնելու աշխատանքներուն:

