Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ինչպէ՞ս Փրկել Զրուցելու Կորսուած ԱրուեստըԼ.
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊԱՐԶ Է, ՈՐ ՆԵՐԿԱՅ ԹՈՒԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԿՇՌՈՅԹԸ ԱՐԱԳ Է, ԻՍԿ ՄԱՐԴՈՑ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ ԿԱԽ ԵՆ ԱՄԷՆ ՏԵՂ. ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ, ՃԱՇԱՍԵՂԱՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՅԱՃԱԽ` ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒՆ: ԱՆՈՆՑ ԱՉՔԵՐԸ ԳԱՄՈՒԱԾ ԵՆ ԹՈՒԱՅԻՆ (ՏԻՃԻԹԸԼ) ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՊԱՍՏԱՌԻՆ: ԱՆՈՆՔ ԱՆԴԱԴԱՐ ԿԸ ԶՐՈՒՑԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ` ԱՌԱՆՁԻՆ: ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ԵՒ ԵՐԲԵՄՆ ՁԱՆՁՐԱՑՆՈՂ ԶՐՈՅՑԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ՀԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԵՒՈՅԹԻ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀՈԳԵԲԱՆ ՄԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԴԱՆԴԱՂԵՑՆԵԼ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԿՇՌՈՅԹԸ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՄԵԿԸՆ ԿԱՐՊԸՐ ՀԱՃԵԼԻ ԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ՈՃՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս: ԱՆՇՈՒՇՏ ԱՆ Չ՛ԸՍԵՐ, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԵՐՋՆ Է…

Զրոյցի մը լաւագոյն մասերը «ձանձրացուցիչ մասերն են»:
«Քիչ մը պիտի ձանձրացնեմ քեզ,- կը յայտարարէ Շերի Թըրքըլ, երբ կը նստինք գաւաթ մը թէյ խմելու Պոսթընի իր բնակարանին մէջ,- եւ դուն ալ քիչ մը պիտի ձանձրացնես զիս»:
Նախ ըսեմ, թէ Թըրքըլ ձանձրացնող անձ մը չէ: Ան հոգեբան է եւ դասախօս` Մասաչուսեց ինսթիթիւթ աֆ թեքնոլոճիի մէջ: Անոր ակադեմական գլխաւոր հետաքրքրութիւնը մարդոց եւ մեքենաներու միջեւ յարաբերութիւնն է, մանաւանդ` այսօրուան համացանցի դարաշրջանին: Անոր նորագոյն գիրքը` «Ըլոն թուկետըր. ուայ ուի էքսփեքթ մոր ֆրամ թեքնոլոճի էնտ լես ֆրամ իչ ատըր» (առանձին` միասին. ինչո՞ւ աւելին կ՛ակնկալենք արհեստագիտութենէն եւ նուազ` իրարմէ) կը հետազօտէ մեր կախեալ վիճակը արհեստագիտական այնպիսի գործիքներէ, որոնք խորքին մէջ կը մեկուսացնեն մեզ` իբր թէ զիրար կապելու քողին ետին: 2011-ին լոյս տեսած այս գիրքը 384 էջերով կը ջրէ արհեստագիտութեան նկատմամբ լաւատեսութիւնը այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ մեր մշակոյթը յաճախ կը նախընտրէ կեդրոնանալ թուային գործիքներու ընձեռած խոստումին եւ հմայքին վրայ: Այս մթնոլորտին մէջ Թըրքըլ մէկն է այն սակաւաթիւ մասնագէտներէն, որոնք տրամադիր են որդեգրելու արհեստագիտութեան նկատմամբ սկեպտիկ կեցուածք: Նոյնինքն այս պատճառով Թըրքըլ յաճախ կը հրաւիրուի մասնակցելու յատկանշական գաղափարներ տարածող ԹԵՏ Թոքսի զրոյցներուն:
Այսուհանդերձ, արհեստագիտութեան այս քննադատը արհեստագիտութիւնը մերժող անձ մը չէ: Ան կ՛աշխատի մարդամեքենաներով: Ունի այ. Ֆոն մը, իրականութեան մէջ` բազմաթիւ այ.Ֆոներ, բջիջային հեռաձայնով երկտողեր կը յղէ իր աղջկան, ե- նամակներով կը հաղորդակցի հետս: Անոր բնակարանին մուտքին զետեղուած է մեծ աման մը` համակարգչային սարքերով լեցուն:
Երբ կը զրուցենք, ի յայտ կու գայ, թէ ան ոչ միայն չի ձանձրացներ, այլ նաեւ զրուցելու արտասովոր կարողութեամբ օժտուած անձ մըն է: Թէյը խմելէ ետք կը ճեմենք իր ապրած թաղամասին մէջ: Մեր զրոյցին ամբողջ ընթացքին ան յաճախ կը հպի թեւիս, կը խօսի դիտումնաւոր կշռոյթով, յաճախ` կանգ առնելով: Պատրաստ է շատով խնդալու եւ` սրտանց, ինչ որ աւելի արդիւնք է անոր ջերմ նկարագիրին, քան` սրամտութեան: Բոլոր լաւ զրուցողներուն պէս ան օժտուած է փորձառութեան անսպառ աղբիւրով, զոր կ՛օգտագործէ յաճախ:
Այժմ Թըրքըլ կը գրէ նոր գիրք մը, որուն վերնագիրը արդէն յաջողութիւն կը բուրէ. «Ռիքլէյմինկ քոնվըրզէյշըն» (զրոյցին վերադարձը պահանջելով) գիրքը շարունակութիւնը պիտի ըլլայ «Ըլոն թուկետըր» գիրքին: Ան դարձեալ ինքզինք պիտի բացայայտէ, այս անգամ` «զրոյցի ջատագովի» տիպարով: Իր գիրքին համար ուսումնասիրութիւններ կատարելու ընթացքին Թըրքըլ ժամերով մարդոց հետ խօսած է զրոյցի մասին եւ ականջ դրած է զրոյցներու. լրտեսելու պէս բան մը, որ ակադեմական շրջանակներու մէջ ծանօթ է իբրեւ «ազգագրութիւն», լրագրութեան մէջ` «տեղեկագրութիւն», իսկ այլ վայրերու մէջ` «ուշադրութիւն»:
«Չեմ կրնար ինքզինքս զսպել ճաշարաններու մէջ եւ չդիտել ընտանիքները, որոնք միասին նստած են, սակայն չեն խօսիր իրարու հետ,- կ՛ըսէ Թըրքըլ: – Զբօսայգիներու մէջ չեմ կրնար չդիտել մայրերը, որոնք չեն խօսիր իրենց զաւակներուն հետ: Փողոցներուն մէջ չեմ կրնար չդիտել այն մայրերը, որոնք բջիջային երկտողեր յղելով եւ ստանալով կը քշեն իրենց զաւկին կառքը»:
Թըրքըլի որդեգրած միջոցները վարակիչ են: Երբ կը սկսիս նկատել այն, ինչ որ Թըրքըլ կը նկատէ, չես կրնար ձերբազատիլ անկէ: Գեղեցիկ օր մըն է, կը քալենք շքեղ վաճառատուներու, ճաշարաններու եւ մայթերու վրայ խճողուած սրճարաններու քովէն: Տուեալները ամէն տեղ են. երկրորդականի աշակերտներ կը քալեն` լուռ տպագրելով: Ճաշէն առաջ թեթեւ բան մը ուտելու համար սրճարանի մը մէջ նստած անձեր արդէն մոռցած են սեղանի վրայ իրենց սպասող նարինջի հիւթը (նաեւ` զիրար) եւ թաղուած են իրենց թուային պաստառներուն մէջ: Կառքին մէջ մանուկը կը խաղայ այ.Փատով: Մարդկային ծովը, որ առաւօտեան պայծառ մթնոլորտին մէջ ողբալի վիճակ մը կը պարզէ Թըրքըլի համար, իրապէ՛ս «առանձին է միասին»:
Թըրքըլ իր նոր գիրքին համար ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք եզրակացուցած է, թէ ճիշդ չէ, որ չենք խօսիր իրարու հետ, այլ տեւաբար կը խօսինք, անձամբ, ինչպէս նաեւ` երկտողերով, ե-նամակներով, հեռաձայնով, Դիմատետրի վրայ եւ` Թուիթըրի: Աշխարհը այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի կը շատախօսէ: Սակայն Թըրքըլ կը վիճի, թէ հարցը այն է, որ այս ամբողջ խօսակցութիւնը կը կատարուի ի գին զրոյցի անհետացումին: Մենք ոչ թէ իրարու հետ կը խօսինք, այլ` «դէպի իրար»:
Դէմ առ դէմ զրուցելու պահը խառնափնթոր վիճակ մըն է. անիկա յատկանշուած է յաճախակի դադարներով, ընդմիջումներով, նիւթէ նիւթ ցատկելով եւ ապիկար կացութիւններով: Սակայն այս խառնափնթոր վիճակն է, որ առիթ կու տայ իրական երկխօսութեան: Անիկա մասնակիցներուն կ՛ընձեռէ ժամանակը եւ արտօնութիւնը` մտածելու, հակազդելու եւ օգտագործելու վեցերորդ զգայարանքը: «Չես գիտեր, թէ զրոյցի մը ընթացքին ամէնէն հետաքրքրական պահը ե՛րբ պիտի հասնի,- կ՛ըսէ Թըրքըլ:- Կը նմանի պարելու. դանդաղ-դանդաղ, արագ-արագ: Ձանձրացուցիչ կը թուի վիճակը, սակայն յանկարծ կը յայտնուի այնպիսի բան մը, որ կը բացագանչես»:
Այլ խօսքով` պարբերական տափակութիւնը ոչ միայն ակնկալելի է, այլ նաեւ` ողջունելի: Զրոյցի մը լաւագոյն մասերը «ձանձրացուցիչ մասերն են», ինչպէս կ՛ըսէ Թըրքըլ:
Սակայն համացանցի վրայ զրոյցի տրամաբանութիւնը հիմնովին տարբեր է. հոն, փոխանակումի փոխարէն, նախապատուութիւն կը տրուի ցուցադրելու կարողութեան: Համացանցը միշտ բաց է եւ միշտ կը դատէ քեզ, կը դիտէ, կը մխտէ: «Ասիկա զրոյց չէ», կ՛ըսէ Թըրքըլ:
Ան կը փափաքի, որ վերատիրանանք մեր ուզած պահուն ձանձրացնելու արտօնութեան:
Ան կը ջատագովէ թուային գործիքներու գործածութեան սահմանափակումը կարգ մը «սրբավայրերու մէջ», ինչպէս` ճաշի սեղանին շուրջ, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր բջիջային հեռաձայնը եւ անոր ներգրաւող ուժը կրնան խանգարել մտերմութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը: Ան կ՛ուզէ, որ իրարու աչքերուն մէջ նայինք զրուցելու ժամանակ: Ան կ՛ուզէ, որ կարդանք մէկզմէկու շարժումները: Կ՛ուզէ, որ մեր զրոյցները ըլլան գերազանցապէս մարդկային:
Պոյլսթըն փողոցին վրայ կանգ կ՛առնենք «Ափըլ» վաճառանիշով համակարգչային գործիքներու վաճառատան դիմաց: Առաւօտ կանուխ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հոն: Նոր տիպի այ. Ֆոները ժամանած էին եւ զայն վայրկեան առաջ ունենալու մարմաջով համակուած անձեր կարգապահ շարք մը կը կազմէին: Ոմանք հսկայական հովանոցներու տակ կանգնած էին արեւէն պաշտպանուելու համար:
Թըրքըլի հետ մուտք գործեցինք վաճառատուն: Ան արագ ակնարկ մը նետեց իր շուրջ: «Տե՛ս այս ամոլը», փսփսաց ականջիս: Միջին տարիքի տղամարդ մը եւ կին մը կը զրուցէին, սակայն հեռուէն կարելի չէր դատել, թէ անոնք մտերի՞մ էին, թէ՞ հեռու իրարմէ: Երկուքն ալ կը դիտէին այ.Փատ մը եւ կարգով կը շրջէին անոր պաստառը: Մարդը բան մը մատնացոյց կ՛ընէր պաստառին վրայ, կինը կը խնդար: Կարծէք կը սիրահետէին: Թըրքըլ կ՛ըսէ. «Թերեւս նոյնիսկ նոր կը ծանօթանան իրարու, թերեւս 40 տարիէ ի վեր ամուսնացած են, ո՛վ գիտէ»:
Իրապէս դժուար է ըսել: Դժուար է ուսումնասիրել, երբ վայրը կ՛եռայ իրենց այ.Ֆոներուն վրայ համակարգչային խաղեր խաղցող մանուկներով, պաշտօնեաներէ բացատրութիւն պահանջող յաճախորդներով, իրենց աչքերը շատ մեծ կամ շատ փոքր պաստառներու գամած, սակայն, իրարու հետ խօսող անձերով: Այսուհանդերձ, լա՛ւ է: Զրոյցը, ձանձրացուցիչ զրոյցը եւ նոյնինքն ձանձրացնելու պատճառով նաեւ հիանալի զրոյցը ներկայ է ամէն տեղ:
«Ճիշդ չէ կոպիտ կերպով յայտարարել, թէ ինչ որ կը տեսնենք, ընկերային միջավայր մը չէ, ջերմ միջավայր մը չէ, մարդոց միջավայր մը չէ,- կ՛ըսէ Թըրքըլ:- Ժամեր անցուցած եմ այս վաճառատան մէջ մարդիկը դիտելով»:
Կը դիտեմ շուրջս: Վաճառատունը լեցուն է այնպիսի արտադրութիւններով, որոնք կապ մը կը խոստանան: Տաճարի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէ այս վայրը, կ՛ըսեմ Թըրքըլի, եւ ան գլուխը կը շարժէ, կը դիտէ ընդարձակ վայրը, ուր արեւուն լոյսը շեղ գիծերով կը թափանցէ, ուր մարդիկ կը վխտան, եւ որ կը դղրդայ մարդկային ձայնով: «Բոլորը կը խօսին,- կ՛ըսէ ան,- սակայն ոչ ոք կը խօսի մեքենաներուն վրայ երեւցող բաներէն տարբեր բանի մը մասին»:

