Նշանէն… Մուսթաֆա

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

65891904Դարձեալ հոն եմ: Կէս դար ետդարձ: Պատանեկութեանս երջանիկ օրերը կ՛ապրիմ… յուշերով:

Ճեմարանական օրերս են: Առաւօտեան ժամը 10:00-ի զբօսանքին կը վազենք Ճեմարանի պահակ պարոն Տիգրանին քով ու կը վայելենք «ասրիյէ քեխկէն»: Կարծես օրերով սոված ըլլանք: Առտու նախաճաշած ենք, սակայն այս մէկը  ամէնօրեայ սովորութիւն է:

Կէսօրուան ճաշի դադարն է: Ճեմարանի դարպասէն դուրս ելլելով` կը թեքինք աջ եւ` ուղղակի պարոն Սագոյին խանութը: Տապկուած երշիկին հոտը աշխարհը բռնած է: Հազիւ քանի մը հոգի կրնայ ընդունիլ այդ փոքրիկ կրպակը: Մնացածներս դուրսը, ճամբան կը սպասենք եւ կու տանք մեր պատուէրները: «Պարոն Սագօ, մէկ սանտուիչ երշիկ, թուրշուն շատ դիր հաճիս, մէկ հատ ալ` թան»: «Կէս հատ մորթատէլ եւ մէկ փեփսի»: Ուրիշ մը կատակելով` «Մէկ հատ սալամէ եւ կէս փեփսի»:

Պարոն Սագոյին գլուխը արդէն դարձած է: Չի գիտեր` ուրկէ սկսի: Բոլորը նոյն վայրկեանին խուժեցին: Երկու քայլ անդին, մզկիթին դէմը, երկու ճաշարաններ, որոնց յաճախորդներուն մեծամասնութիւնը հայ աշակերտներ են: «Ֆուլճի» Ապու Ռաշիտը, իսկ ճիշդ քովը` «Ֆելեֆիլճի» Համմուտէն: Ճաշացուցակի տեսակները այնքան շատ են, որ չես ձանձրանար ամէն օր նոյն բանը ուտելէ: Օր մը Սագոյին քով, յաջորդ օրը Ապու Ռաշիտին, ուրիշ օր մը ֆելեֆիլ: Այսօր որոշեցինք ֆուլ կամ համմուս ուտել Ապու Ռաշիտին ճաշարանը: Չորս կամ հինգ սեղաններ քով քովի, գրեթէ իրար փակած: Անհամար ճանճեր, նախկին յաճախորդէն սոխի կտորներ մնացած են սեղանին վրայ: Ապու Ռաշիտ նստելնէս ետք կու գայ ու կը փորձէ «մաքրել» սեղանը լաթի կտորով մը, որ կեանքին մէջ ո՛չ ջուրի ո՛չ ալ օճառի երես տեսած է: Աճապարանքով կը սրբէ սեղանը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` սեղանին աղբը ամբողջութեամբ մեր վրայ լեցնելով` կը ստանայ պատուէրները: Սեղանին վրայ քանի հոգի ըլլալը կարեւոր չէ: Բոլորին համար պիտի բերէ նոյն քանակութեամբ քանի մը գլուխ սոխ ու քանի մը շերտ լոլիկ: Երբեմն ճարպիկութիւն ընել կը փորձենք, եւ զատ սեղաններու կը նստինք, որպէսզի քիչ մը աւելի սոխ ու լոլիկ ունենանք:

Համմուտէին ֆելեֆիլի խանութը պարոն Սագոյին կրպակէն աւելի մեծ չէ: Դուրսը, մայթին վրայ ենք բոլորս: Ֆելէֆիլը կերած ժամանակ «թարաթոր»-ին մէկ մասը կը թափենք մեր վրայ: Թուղթէ թաշկինակ գոյութիւն չունի, որ սրբուինք:

Կամաց-կամաց մեր կարկինը աւելի լայն բանալով` կ՛ընդարձակենք մեր շրջագիծը ու կը հասնինք Սուրբ Նշան չհասած ձախին, պարոն Կայծակին նպարատունը, որուն յաճախորդները մեծամասնութեամբ «Յովակիմեան-Մանուկեան»-ի տղաքն են: Մենք` Ճեմարանականներս, ազատ ենք մէկուկէս ժամուան ճաշի դադարին, երթալու հոն ուր որ ուզենք, պայմանաւ որ ժամանակին հասնինք դպրոց, զանգը չհնչած, սակայն «Յովակիմեան»-ի տղաքը կաշկանդուած են: Դպրոցի շրջափակէն շատ հեռանալու արտօնութիւն չունին: Տնօրէնը` պարոն Թոփճեան, չափէն աւելի խստապահանջ է: Յաճախ պարոն Կայծակի նպարատան մէջ կը հանդիպինք այդ դպրոցի աշակերտներէն քանի մը հատին: Շատերուն ծանօթ ենք: Կը զրուցենք, կը վիճինք: Թեր ու դէմ կարծիքներ` մեր չհասկցած նիւթերու մասին: Մեզի` Ճեմարանականներուս համար Միացեալ Նահանգներ` ամենահզօր երկիրն է, ՀՄԸՄ` լաւագոյն ֆութպոլի խումբը ունի, Դաշնակցութիւնը` տիպար կուսակցութիւն է, Ճեմարան` լաւագոյն դպրոցը: Մեր «հակառակորդները» համաձայն չեն: Իրենց կարծիքով, իրենք են լաւագոյնը: Իրենց յաճախած դպրոցը բարձրագոյն ուսումնական մակարդակը ունի: Մենք կը հակաճառենք: Իրենք կը պնդեն: Ո՞վ ըսաւ, որ կուսակցական վէճերը միայն մամուլով կ՛ըլլան: Ձայները կը բարձրանան: Պարոն Կայծակ մտահոգ է: Քանի մը անգամ գլուխը կը շարժէ, ու ապա` «Տղաք, բոլորդ ալ հայ էք»… «Հակառակը պնդող չկայ» կը կատակէ մէկը: Բոլորս կը խնդանք, պարոն Կայծակ` նոյնպէս, եւ միեւնոյն ժամանակ միտքը կը հանգստանայ: Մտահոգուելու պատճառ չունի: Բարեբախտաբար իրար գլուխ չենք կոտրեր ու միշտ ժպիտով կը բաժնուինք իրարմէ յաջորդ հանդիպումին վիճելու նոր նիւթ մը գտնելու յոյսով:

Աճապարանքով կը վերադառնանք դպրոց: Պասքեթպոլի դաշտը մեզ կը սպասէ: Քանի մը հոգի վերջին վայրկեանին դասին վրայէն կ՛անցնին: Գրաւորի պատրաստութիւն: Պարոն Յովհաննէսին սուլիչի ձայնը կը լսենք: Երկու հոգի «յանցանքի» վրայ բռնած է: Մայր շէնքի պատշգամին վրայ պարոն Բանեան եւ պարոն Մուշեղ, ձեռքերնին ետին, զրուցելով կ՛երթան-կու գան: Խումբ մը աղջիկներ, արմաւենիներու տակ նստած, պայծառ օդը կը վայելեն: Կը լսենք զանգի ձայնը: Աճապարանքով կը վազենք ջուրի ծորակներուն` դասարան չմտած ծարաւնիս յագեցնելու, ու աստիճաններէն բարձրանալով` ամէն մարդ կ՛ուղղուի իր դասարանը:

Ժամը չորսին դպրոցէն արձակուելու զանգը կը հնչէ: Աշակերտներէն մաս մը կը դիմէ դէպի «փոստան»: Մենք այդ օրերը անցուցած ենք: Կրնանք մեր ուզած ժամուն երթալ տուն: Տո՞ւն երթալ այսքան կանուխ: Չխենթեցանք: «Կաթոճի Նշան»-ը մեզ կը սպասէ իր նշանաւոր «էքլեր»-ներով: Այդ որքան անուշ կը բուրէ: Անկարելի է դիմանալ: Խումբով հասած ենք: Կէսօրուան պարոն Սագոյին կրպակի խճողումը փոխադրուած է պարոն Նշանին մօտ: Գրպաննիս ունեցած քանի մը դահեկանը կը համրենք ու անոր համեմատ մենք մեր ձեռքով կը վերցնենք համով կարկանդակները: Պարոն Նշան բարի մարդ է: Վստահութիւն ունի մեր վրայ, պէտք չունի հաշուելու, թէ ամէն մէկը քանի՞ հատ կերաւ: Մենք, մեր կարգին, պարկեշտ ենք: Կը վճարենք ճիշդ այնքան, որքան որ կերանք:

Նշանէն` ուղղակի Մուսթաֆայի սափրիչատունը:

Կ՛արժէ երկու խօսքով ծանօթացնել Մուսթաֆան: Փոքր տարիքին որպէս աշկերտ սկսած է աշխատիլ սափրիչ Ռուբէնին մօտ եւ քանի մը տարիէն տիրապետած է ոչ միայն արհեստին, նաեւ հայերէնին: Ռուբէնի սափրիչատունէն ոչ շատ հեռու, Ճեմարանէն դէպի մզկիթ տանող ճամբուն, պարոն Սագոյէն քանի մը խանութ առաջ բացաւ իր սափրիչատունը եւ այնքան արագ յաջողութիւն արձանագրեց, որ շատ չանցած` Ռուբէն ստիպուած եղաւ վերջնականապէս փակել իր խանութին դռները: Յաճախորդ չէր մնացած: Բոլորը Մուսթաֆան կը նախըտրէին: Հակառակ իր սահուն հայերէն խօսելուն` իր շեշտը երբեմն միայն կը «մատնէր» իր օտար ըլլալը:  «Ինչպէս ես եղբայր»,«Հրամմեսէք»: Ճեմարանի, քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի, Սուրբ Նշանի եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան»-ի տղոց մեծամասնութիւնը իր յաճախորդներն էին: Նոյնիսկ եթէ մազ կտրելու կարիքը չունենայինք, ամէն օր սովորութիւն դարձած էր` Նշանէն… Մուսթաֆա: Նշանին համեղ կարկանդակները վայելելէ ետք սիկարեթ ծխելու մեր առաջին «փորձառութիւնը» կը պարտինք Մուսթաֆայի խանութի վերնայարկին: Հոն էր, որ կը հաւաքուէինք ու ծխելու վարժութիւնը կը զարգացնէինք: Մուսթաֆա շատ ալ գոհ չէր, սակայն ինչպէ՞ս կրնար արգիլել իրեն հաւատարիմ յաճախորդներուն:

Այդ երջանիկ օրերը արդէն դարձած են յուշեր: Նախքան Լիբանանէն հեռանալս` տասնեակներով տարիներ այդ վայրերը չէի այցելած, ու երբ վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, այդ վայրերը միայն յիշատակներ մնացին:

Քանի մը օր առաջ Լիբանան գտնուող ճեմարանական դասընկերներէս Յակոբ Եափուճեան երկար տարիներու բացակայութենէ ետք առիթով մը այցելած է այդ յիշատակներով լեցուն վայրը եւ նոյն օրն իսկ ե-նամակով մը նկարագրած է իր տեսածները:

Քիչ առաջ Սուրբ Նշան յուղարկաւորութեան գացի: Զոքաք Էլ Պըլաթը այնքան խճողուած էր, որ երեք անգամ բաղնիքին թաղէն մինչեւ ՀՄԸՄ դարձայ ինքնաշարժս շարելու տեղ մը գտնելու համար: Ժամը երկու ըլլալով` բոլոր դպրոցներուն առջեւ ահռելի խճողում կար: Ի վերջոյ «Քոլեժ փաթրիարքալ»-էն մզկիթ իջնող ճամբուն վրայ, Ունճեաններուն տունը չհասած գտայ տեղ մը` հին տուները փլած, ու կառատունի վերածած են: Ինքնաշարժս հոն շարեցի եւ քալելով մինչեւ Սուրբ Նշան գացի: Այդ թաղերը քալելով հաւանաբար քառասուն տարի է չէի գացած: Երբ արեւմտեան Պէյրութ երթամ ընդհանրապէս Ճեմարան, ՀՄԸՄ կամ Հայկազեան կ՛երթամ, ո՛չ այդ թաղերը: Կրնաք երեւակայել, ամբողջութեամբ մահմետական քաղաքի մը տպաւորութիւնը ունի, սեւ երկար հագուստներով լաչակաւոր կիներ,  մարդիկ փողոցները նստած` կլկլակ կը ծխեն, մանուկները կը վազեն:

Մզկիթէն ուղղակի դէպի «Քոլեժ փաթրիարքալ» փոխանակ ճեմարան երթալու, ուր շատ հայեր կը բնակէին տուները հինցեր ու գունաթափուեր են: Պարոն Սագոյին խանութը գոց է: Ապու Ռաշիտը տակաւին տեղն է, քովը մէկը «սահլէպ» կը ծախէ:

Մեր «ֆուլճին», ուր երբեմն երբ դրամ չունենայինք, ճերմակ ֆասուլիա կ՛ուտէինք, տակաւին տեղն է, երիտասարդ տղայ մը կար, հաւանաբար մարդուն թոռնիկն է: Քովը «Ֆէլէֆիլճի» մը բացուեր է: Քանի մը քայլ անդին` երկրորդ «ֆուլճի» մը, այսինքն «ֆուլճի»-ներու շուկայ եղեր է: Պարոն Սագոյէն առաջ կարծեմ տիսք կամ ռատիօ ծախող մը կար, երբ Ատոմենց տունէն դէպի մզկիթ գայիր ու աջ դառնայիր, այդ մէկը չկայ, սակայն քովի ինքնաշարժի թիւ շինողը եւ «վերմակճին» տակաւին հոն են:

Գլուխս դարձաւ: Միակ մաքուր տեղը մզկիթէն մինչեւ Ճեմարան, այսինքն Հիւսէյն Պէյհում փողոցն է, ուր լիւքս  շէնքեր շինուած են, նոյնպէս` ճեմարանին երկու կողմերը եւ դիմացը` Համազգայինի ակումբին տեղը եւ ՀՄԸՄ-ի փողոցը: Մուսթաֆան, շատոնց մահացած է:

Ահա ձեզի մինչեւ Զոքաք էլ Պլաթ տարի»:

Յակոբ:

 

Այո՛, սիրելի Յակոբ: Մեզ ոչ միայն Զոքաք Էլ Պլաթ տարիր, տարիր նաեւ մեր մանկութեան ու պատանեկութեան երջանիկ տարիները:

Այսօր կարգ մը սովորութիւններ կը շարունակուին բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, տարբեր ձեւով: Պարոն Սագոյին պատրաստած «նիհար» սանտուիչներուն փոխարէն` «փարթամ» սապուէյ սանտուիչները, որոնք այնքնան հաստ ու լեցուն են, որ զգուշութեամբ կը խածնես, որպէսզի բերանդ չպատռի: Պարոն Նշանին էքլերներն ալ կան հոս: Համով են, սակայն համ չունին: Այդ մթնոլորտն էր համ տուողը: «Հայացած» սափրիչ Մուսթաֆային փոխարինած է «ամերիկացած» վիեթնամցի Թամը, որուն բուն անունը Աստուած գիտէ` ի՛նչ է: Իր քով խումբով չենք երթար: Կը հեռաձայնեմ, կը ժամադրուիմ ու հազիւ մազերս կտրած` արդէն ելած եմ քովէն:

Մեր դպրոցական օրերը պատմութեան անցած են:

Սագոյէն` Ապու Ռաշիտ, իսկ երեկոյեան` Նշանէն… Մուսթաֆա:

 

Լոս Անճելըս 2014

Share this Article
CATEGORIES