ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Երկրորդական Խումբերու Մրցաշարք. Վաղը` 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Վաղը` կիրակի, 19 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, որ յառաջիկայ շաբաթ, 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, կ՛աւարտին Ա. հանգրուանի ճակատումները եւ կը յստականան կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերը:
Ստորեւ` վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.
| ԺԱՄ | |
| Դանիէլ Վարուժան – Լէյլաւան | 9:00 |
| Սարդարապատ – Աղբալեան | 10:30 |
| Նաւասարդեան – Եղիշէ Չարենց | 12:00 |
CATEGORIES Մարզական

