Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւնը` 22 Յունուարին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 22 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ պիտի սկսի Հայաստանի արագ ճատրակի 2014-ի ախոյեանութիւնը:
Տեղի պիտի ունենան 8 հանգրուանի մրցումներ` զուիցերիական խաղաոճով, այսինքն` իւրաքանչիւր խաղացողի համար 10 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ունին տղոց եւ աղջկանց կրանտմասթըրները, միջազգային, «ՖԻՏԷ»-ի եւ ազգային վարպետները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բոլոր շրջաններէն արագ ճատրակի ախոյեանութենէն 10 խաղացողներ:
Սակայն մասնակցողները պարտին ունենալ 225 եւ աւելի բարձր վարկանիշ:
Մրցաշարքին հիմնադրամը կը կազմէ 1 միլիոն դրամ:
CATEGORIES Մարզական

