Պոկտանով Կոչ Կ՛ուղղէ «Ժընեւ-2»-էն Առաջ Լարուածութիւնը Աճեցնող Յայտարարութիւններ Չկատարելու

Նախագահ Պաշշար Ասատ
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ «պատրաստ չէ իշխանութենէն հրաժարելու, եւ այդ հարցը քննարկելի չէ»: Ասատ աւելցուցած է, որ «եթէ յանձնուիլ ուզէինք, ատիկա սկիզբէն կատարած կ՛ըլլայինք»:
Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով, անուղղակի կերպով քննադատելով Ասատի յայտարարութիւնը, կոչ ուղղեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ լարուածութիւնը չաճեցնելու, «եւ աւելի լաւ է չկատարել յայտարարութիւններ, որոնք ոեւէ մէկու մօտ դժգոհութիւն, զայրոյթ կամ կողմէ հակազդեցութիւն կը յառաջացնեն», ըսաւ ան:
Սուրիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ «Ինթըրֆաքս»-ի կողմէ Ասատի վերագրուող բոլոր խօսքերը «ճշգրիտ չեն, եւ նախագահ Ասատ լրատու գործակալութեան հետ որեւէ հարցազրոյց չկատարեց»:
Ասատ երէկ ռուս խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ «Սուրիա ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ իր պատերազմին մէջ ոչ միայն իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, այլ նաեւ` բարեկամ պետութեանց ժողովուրդները»:
Ռուսական պատուիրակութեան անդամ, Տումայի ուժանիւթի հարցերով յանձնախումբի անդամ Ալեքսանտր Եուշչենքօ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ասատ հանդիպումին ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը միացնելու կարեւորութեան վրայ կեդրոնացած է:
Ռուսական պատուիրակութեան անդամները նաեւ հաղորդեցին, որ Ասատ յայտնած է, որ «ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու պատրաստ է»:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի անդամներուն մեծամասնութիւնը Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելուն թեր քուէարկած է:
Ըստ մարմինի մամլոյ ծառայութեան, մարմինի 73 անդամներէն 58-ն թեր քուէարկած է մասնակցելու խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 յունուարին` Զուիցերիոյ մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ազգային համաձայնական մարմինի որոշումը: Արտաքին գործոց փոխնախարար Պոկտանով յայտարարեց, որ «ընդդիմութեան այս որոշումը ճիշդ որոշում մըն է»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին ողջունեց չորեքշաբթի օր Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու Ազգային համաձայնական մարմինի «դժուար» որոշումը` աւելցնելով, որ «որեւէ փոխզիջումային լուծում, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ, կը նշանակէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր մարմինին «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու «քաջարի ու պատմական» որոշումը: Ան Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպային կոչ ուղղեց գոյացնելու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլան ընդդիմութեան բոլոր կողմերը, ներառեալ` կիները:

