Եգիպտոսի Նոր Սահմանադրութիւնը Արժանացած Է Քուէարկողներու 98 Առ Հարիւրին Հաւանութեան

Սահմանադրութեան հանրաքուէէն պահ մըց
«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Նեպիլ Սալիպ յայտարարած է, որ Եգիպտոսի նոր սահմանադրութիւնը արժանացած է քուէարկողներու 98 առ հարիւրին հաւանութեան, իսկ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 40 առ հարիւր էր:
Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ հանրաքուէն տեղի ունեցաւ 14 եւ 15 յունուարին: Քուէարկութեան մասնակցած է աւելի քան քսան միլիոն մարդ, որոնք կը կազմեն քուէարկելու իրաւունք ունեցող բնակչութեան 38.6 առ հարիւրը:
Ափրիկեան երկիրներու դէտերու պատուիրակութեան նախագահ Քասամ Օթիմ յայտնեց, որ «ափրիկեցի դէտերուն դիտողութիւնները չեն ազդեր ընթացքին ու արդիւնքին վրայ հանրաքուէին, որ հաւաստիութեան ու արդարութեան բարձրագոյն մակարդակով տեղի ունեցաւ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ «սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէն չէ, որ Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը ճշդէ, այլ անոր հետեւող քայլերը»:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի դատախազութիւնը հրամայեց պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսին եւ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարութենէն 25 այլ անձեր դատել դատական իշխանութիւնները վարկաբեկելու ու անոր անդամներուն վրայ ճնշում բանեցնելու յանցանքին համար եւ հրամայեց զանոնք դատելու դատական անմիջական նիստ ճշդել:

