Տաւութօղլու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Քաղաքական Տագնապը Եւրոպական Միութեան Հետ Քննարկելու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ քննարկելու բոլոր հարցերը, ներառեալ` ներկայիս Թուրքիոյ դիմագրաւած քաղաքական տագնապն ու բարեփոխման վիճելի ծրագիրները:
Տաւութօղլու յայտարարեց, որ «եթէ որեւէ բան Եւրոպական Միութեան արժէչափերուն կը հակասէ, ապա մենք պատրաստ ենք միութեան 28 անդամներուն դիտողութիւնները լսելու»:
Ան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնը պէտք է անկախ ըլլայ` նշելով, որ «պատրաստ ենք որեւէ քննադատութիւն եւ որեւէ կարծիք լսելու, պայմանաւ որ այդ քննադատութիւններն ու կարծիքները Եւրոպական Միութեան մէջ գործադրուող արժէչափերուն ու օրէնքներուն հիմամբ կատարուած ըլլան»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը Պրիւքսէլը զգուշացուց «Թուրքիոյ դէմ խտրական կեցուածք որդեգրելէ»:
CATEGORIES Միջազգային

