Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը: Ան նշեց, որ Հարիրի Լիբանանի ազգային շահերուն նկատմամբ յանձնառու է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան եւ ազգային երկխօսութեան կառավարութիւն մը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ օր մը օրանց սիւննի-շիի պատերազմ չէ եղած եւ պիտի չըլլայ ալ: Ան կոչ ուղղեց հաւատադրժողական մտքին վերջ տալու եւ անոր օժանդակող բոլոր միջոցները կասեցնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մասին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ` աւելցնելով, որ պահանջուածը միասնականութիւնն է եւ միացեալ կեցուածքի որդեգրումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Արեւմուտքը մտահոգ է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կրնայ Լիբանանի կամ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններէն մէկուն վրայ անխոհեմ քայլի մը դիմել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց, որ Արսալի մէջ որդեգրուին ապահովական խիստ միջոցառումներ` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան որոշումը տուած է Իրանի «Ուալի Ֆաքիհ»-ը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երեք հոսանքի բաժնուած են` նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմելիք կառավարութեան մաս կազմելու առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ այս շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք մուտք գործած են հաշուետուութեան հանգրուանը, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ջանքերը միասնականացնել` Դիմադրութեան դէմ նիւթուող դաւադրութիւններուն դէմ դնելու նպատակով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յաջորդ հանգրուանը կը նկատեն լիբանանեան սահմանները գերազանցող նախարարութիւններու աշխատանքը ստանձնելու հանգրուան մը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի Սայտայի պատասխանատու Պասսամ Համմուտ մերժեց սպառնական ոճն ու վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները, որոնք կ՛օգտագործուին իբրեւ միջոց` ճնշում բանեցնելու եւ տեսակէտ պարտադրելու:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներուն համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կազմուելիք միացեալ կառավարութեան դերձակն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ նշեց, որ մօտիկ ապագային համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու բոլոր տուեալները կան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսասուի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է` դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի կամ բռնարարքի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման մը յանգելու միակ ուղին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ Լիբանանի համար ընտրական լաւագոյն օրէնքը պիտի ըլլայ այն, որուն հիման վրայ Լիբանանը պիտի վերածուի մէկ ընտրաշրջանի եւ ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական դրութեան հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Մաշնուք կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ քաղաքական համախոհութեան հիման վրայ կազմելու կառավարութիւն մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES