Ատայսէի Մէջ Գտնուեցաւ Համակարգիչ Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ինտոնեզիական ջոկատը շաբաթ օր սահմանամերձ Ատայսէ շրջանին մէջ գտած է երկու համակարգիչ, որոնց վրայ արձանագրուած էին եբրայերէն գրութիւններ:
ՄԱԿ-ի պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ եւ Ատայսէ գիւղին մօտակայքը կը տիրէ հանդարտ մթնոլորտ:
CATEGORIES Լիբանանեան

