Արսալը Թիրախ Դարձնող Ռումբերուն Արձակման Կէտը Արեւելեան Արսալն Է

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պեքաայի Արսալ, Ռաս Պաալպեք եւ Ֆեքհա գիւղաքաղաքները թիրախ դարձուցած ռումբերուն արձակման կէտը Արեւելեան Արսալն է:

Այլ հաղորդագրութեան մը մէջ բանակը նշեց, որ իր գաղտնի սպասարկութեան թեւը Ռաս Այն-Պաալպեք շրջանին մէջ կրցած է ձերբակալել Ալի Ահմետ Ժաաֆարը, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ մըն է:

Ան ամբաստանուած է զէնքի ուժով առեւանգումներ կատարելու, զէնքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգում կատարելու, ինչպէս նաեւ գողութիւններ կատարելու յանցանքներով:

Ալի Ահմետ Ժաաֆարը ձերբակալելէ ետք բանակը գրաւեց անոր մօտ գտնուող զէնքն ու զինամթերքը:

 

Share this Article
CATEGORIES