Ռայի Պատրիարքը, Զօր. Աուն Եւ Ժահժահ Կ՛ընդունին Հոլլանտի Յատուկ Պատուիրակը

Ռայի պատրիարքը եւ Պոն
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի անձնական պատուիրակ Էմանուել Պոնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պոն դրուատեց Ռայի պատրիարքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը եւ անոր հանդէպ յարգանք յայտնեց: Ան շեշտեց, որ Փարիզ նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է շարունակել երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը` պահպանելու համար ժողովրդավարութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Պոնը` ներկայութեամբ Փաուլիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:
Հանդիպումին ընթացքին Պոն շեշտեց, որ Հոլլանտ կ՛ընդգծէ, որ Ֆրանսա յանձնառու է լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն զօրակցութեան. ան հաստատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային հարցերը, յատկապէս Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը:
Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին ընդունեց Պոնը, որուն ներկայութեան ան յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան մաս կազմելու կարիք չկայ` առանց նուազագոյն քաղաքական փոփոխութիւն յառաջացնելու:
Ժահժահ աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին պարագային անհրաժեշտ է որդեգրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:
ՊՈՆ երէկ այցելեց Մուխթարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

