Պասիլ. «Իբրեւ Քրիստոնեաներ Կառավարութեան Մէջ Պէտք Է Ներկայացուինք Ամէն Տեսակի Նախարարութիւններով»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ բացումը կատարեց Պէյրութի գետի եզերքին արեւային համակարգով բանող ելեկտրակայանի կառուցման ծրագիրին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ կարելի չէ երկիրը կառուցել կորսնցնելով ճիշդ չափանիշները եւ առիթ տալով, որ քաղաքական սխալ երեւոյթները ըլլան տիրական:
«Լիբանանի մէջ պէտք է տարածել ազգային համախոհական ոգին, սակայն մենք չենք կրնար ոգի եւ շունչ ներարկել դիակներուն», ըսաւ ան:
Պասիլ ըսաւ, որ եթէ իրենք համախոհութեան կոչ կ՛ուղղեն, ապա իրենք իրենց ջնջումը չեն պահանջեր, իսկ եթէ գժտուած քաղաքական կողմերու միջեւ հաշտութիւն կը փորձեն հաստատել, ապա զանոնք չեն հրաւիրեր իրենց հաշուոյն հաշտութիւն գոյացնելու:
«Մենք Լիբանանի մէջ ներկայ ենք մեր քրիստոնեայ եւ ազգային ըլլալու հանգամանքներով: Հետեւաբար իբրեւ քրիստոնեաներ կառավարութեան մէջ պէտք է ներկայացուինք ամէն տեսակի նախարարութիւններով, ըլլան անոնք ուժային, ծառայութեան թէ սովորական նախարարութիւններ», ըսաւ Պասիլ:

